Showing posts with label Րաֆֆի Գալֆայեան. Show all posts
Showing posts with label Րաֆֆի Գալֆայեան. Show all posts

24.4.15

Րաֆֆի Գալֆայեան. հարիւրամեակը՝ միջազգային օրէնսդրութեան փորձաքարին առջեւ

Ֆրանսահայ իրաւաբան Րաֆֆի Գալֆայեան Մարդկային Իրաւանց Միջազգային Դաշնակցութեան (FIDH) նախկին ընդհանուր քարտուղար է։

«Նոր Յա­ռաջ» - Անցնող Յու­նուար 29ին Հա­յաս­տա­նի կա­ռավա­րու­թիւնը Հա­յոց Ցեղասպա­նու­թեան 100ամեակին առի­թով հրա­պարա­կեց հա­մահայ­կա­կան Հռչա­կագիր մը։ Դուք ինչպէ՞ս կը բնու­թագրէք զայն՝ մաս­նա­ւորա­բար մի­ջազ­գա­յին համաձայնագրերու, պայ­մա­նագ­րե­րու եւ հա­տուցման հար­ցե­րու շրջա­գիծին մէջ։
Րաֆ­ֆի Գալ­ֆա­յեան - Այս Հռչա­կագ­րին առն­չութեամբ ըսե­լիք շատ բան կայ։ Նախ ան «իրա­ւական»էն աւե­լի քա­ղաքա­կան բնոյթ ու­նի եւ յե­տոյ ալ նա­խաբա­նին մէջ հա­տուցման առն­չուող միայն մէ՛կ նշում կայ, երբ կը խօ­սուի Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հե­տեւանքնե­րու յաղթա­հար­ման մա­սին եւ քիչ ան­դին կ՚ար­ծարծէ իրա­ւաբան­նե­րու խումբի մը ստեղծման հար­ցը, որ պի­տի զբա­ղի այս նիւ­թով։