Showing posts with label Տիգրան Ծամհուր. Show all posts
Showing posts with label Տիգրան Ծամհուր. Show all posts

28.5.18

Առաջին Հանրապետութեան նաւերը եւ Կոստան Զարեանի «Նաւը լերան վրայ» վէպը

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ


Կոստան Զարեան
Ընթերցողին ծանօթ է, որ Կոստան Չարեան քսաներորդ դարու հայ գրականութեան ամենէն կարեւոր եւ, մինչեւ քանի մը տարի առաջ, ամենէն անտեսուած անուններէն մէկն էր։ Սակայն, անոր ծանօթ չէ, որ Զարեանը Հայաստանի հանրապետութեան նաւատորմի սպայ եղած ըլլայ, քանի որ գրագէտը զինուորական ասպարէզին հետ երբեք առնչութիւն ունեցած չէ, հակառակ հանրապետութեան բանակի այլապէս լուրջ պատմաբանի մը աւելի քան երկու տասնամեակ առաջ գրածին[1]։  Առաջին անկախութեան շրջանին, 1915-1921-ին Իտալիա ապրող Զարեանը Հոկտեմբեր 1919-ին Երեւան այցելած իբրեւ իտալական թերթերու թղթակից։