Յունիս 20, 2016ին Երեւանի մէջ ձերբակալուած է «Նոր Հայաստան» ընդդիմադիր շարժումի առաջնորդ, ազատամարտիկ Ժիրայր Սեֆիլեանը։ Ըստ քննչական կոմիտէի հաղորդագրութեան, Մայիս 20ին Ծիծեռնակաբերդի խճուղիի սկզբնամասը տեղի ունեցած ինքնաշարժի արկածէ մը ետք, խնդրոյ առարկայ մեքենայէն յայտնաբերուած էին երկու ինքնաձիգ զէնքեր՝ 120 փամփուշտներով։ Վարորդն ու ուղեւորը ձերբակալուած են՝ ապօրինի զէնք փոխադրելու մեղադրանքով։ Հաղորդագրութիւնը այնուհետեւ յայտնած է.