Փետրուար 4-ին
հայկական առաջին պնակիտը (tablet)(*) պաշտօնապէս հանրութեան ներկայացուեցաւ Երեւանի մէջ ։ Մշակող եւ արտադրութիւնը իրականացնող “Technology and Science Dynamics” ընկերութեան հիմնադիր Վահան Զաքարեանը յիշեցուց, որ «Արմթաբ»ի գաղափարը հրապարակուած էր 2013 թուականին: «Այսօր մենք հաւաքուել ենք այստեղ նշելու “Արմթաբ”ի ծնունդը մեր բոլորի համար, մեր հայրենիքի ու հասարակութեան համար», նշեց Զաքարեան, յոյս յայտնելով, որ յառաջիկայ ամիսներուն գործարանը պիտի սկսի պնակիտներու զանգուածային արտադրութեան: