Շուէտի
հնագոյն թանգարանի՝ Թագաւորական զինապալատին մէջ տեղի կ՚ունենան Հայաստանի օրեր, որոնք կազմակերպուած են
թանգարանի եւ Հայաստանի մօտ Շուէտի դեսպանութեան համատեղ
ջանքերով:
Փետրուարի 4-ին, Սթոքհոլմի թագաւորանիստ պալատին մէջ
տեղաւորուած թանգարանի երդիքին տակ տեղի ունեցած է
«Հայ-շուէտական պատմական առնչութիւնները» խորագրեալ
դասախօսութիւն մը, որուն ներկայ եղած են Շուէտի թագաւորական
արքունիքի անդամներ, խորհրդարանի պատգամաւորներ, Սթոքհոլմի
մօտ հաւատարմագրուած դեսպաններ, մշակութային
հաստատութիւններու ղեկավարներ, մտաւորականներ եւ մամուլի
ներկայացուցիչներ եւ շուէտահայ համայնքի անդամներ: