Showing posts with label Սարգիս Պիծակ. Show all posts
Showing posts with label Սարգիս Պիծակ. Show all posts

17.12.16

Արուեստի անխոնջ մշակը. Սիրարփի Տէր-Ներսէսեանի ծննդեան 120 ամեակին

ԳՈՀԱՐ ԱՃԵՄԵԱՆ

«Ծնած եմ Պոլիս 1896 թուականին,- պատմում է Սիրարփի Տէր-Ներսէսեանը մեր վերջին հանդիպումներից մէկի ժամանակ,- մայրս կորսնցուցած եմ երբ ինն տարեկան էի եւ հայրսՙ 1914 թուականի սկիզբը:
Մօրաքրոջս հետ միասին ես եւ քոյրս մեկնեցանք Պուլկարիա, քանի մը ամիս մնալէ ետք, երբ տեսանք պատերազմը կը շարունակուի, գացինք Զուիցերիա՝ Ժընեւ, եւ հոն մնացինք երեք տարի՝ պատերազմի շրջանին: Զուիցերիա հետեւեցայ երկրորդական գիմնազիայի, յետոյ երկու տարի համալսարան: Սակայն համալսարանը կէս ձգեցի եւ գացի Ֆրանսա՝ Փարիզի համալսարանը, ուր 1919 թուականէն ի վեր եմ համալսարանին կից Էքոլ տէ զ՛Էթիւտ հաստատութիւն մը, որ կը զբաղի գիտահետազօտական աշխատանքներով. ես ընտրեցի բիւզանդական արուեստը:
1930 թուականին հրաւէր ստացայ ամերիկեան քոլէճէ մը դասաւանդելու բիւզանդական արուեստ: Այս քոլէճը ամենաբարձրերէն մէկն է, սակայն ես չուզեցի հոն մնալ ամբողջ տարին, որովհետեւ կը փափաքէի շարունակել գիտահետազօտական աշխատանքներս: Այնպէս որ տարուան կէսը միայն այնտեղ կանչ ունէի, իսկ միւս կէսը՝ կու գայի Փարիզ, որպէսզի շարունակեմ աշխատանքս»:

«... Հայ մտաւորականութեան, գիտնականներուն պարտքն է ՀԱՅ ԱԶԳԻ ՄՇԱԿՈՅԹԸ ճանչցնել տալ աշխարհին առանց աւելացումներու եւ չափազանցելու, քանի որ այդ մշակոյթը այնքան հարուստ է, որ մենք կրնանք պարծենալ այդ ամէնով եւ ներկայացնել զայն առանց չափազանցելու»:
Սիրարփի Տէր-Ներսէսեան