Showing posts with label «Հրանդ Տինք» վարժարան. Show all posts
Showing posts with label «Հրանդ Տինք» վարժարան. Show all posts

11.2.16

Շտապող Պոլիսին հմայքը

ԱՆՈՅՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
 
Պո­լի­սը մեզ կը դի­մա­ւո­րէ պաղ ե­ղա­նա­կով: Օ­դա­կա­յա­նէն դէ­պի այն շրջա­նը, ուր պի­տի իջեւանինք Պո­լիս կարճ հանգ­րուա­նի մը ըն­թաց­քին, ճա­նա­պար­հին անձ­րեւ կը սկսի, թաք­սիի վարորդը շատ ա­րագ կը վա­րէ, ին­չ որ տագ­նապ կը յա­ռա­ջաց­նէ, կը խնդրենք քիչ մը դանդաղեց­նել ըն­թաց­քը, սա­կայն այդ ե­րե­ւոյ­թին ա­կա­նա­տես կ՚ըլ­լանք նաեւ հե­տա­գայ օրերուն՝ ինքնաշարժնե­րու ըն­թաց­քը շատ ա­րագ կը թուի, բայց ա­ւե­լի ուշ կը հասկ­նանք, որ արագ ու շտա­պող քա­ղա­քի՝ Պոլ­սոյ ըն­թացքն է այդ մէ­կը: Քա­ղա­քը կար­ծես վազ­քի ե­լած է եւ կայ այն տպա­ւո­րու­թիւ­նը, թէ շու­տով տեղ մը պի­տի հաս­նի՝ իր բազ­մա­մարդ պո­ղո­տա­նե­րով, լեցուն հրա­պա­րակ­նե­րով, ա­ռեւ­տու­րի կեդ­րոնն­նե­րով, ան­վերջ ա­մէն տեղ ա­ճա­պա­րող մարդոց հոծ խում­բե­րով: Մեծ քա­ղաք­նե­րու կշռոյ­թի ներ­քոյ Պո­լի­սը կը պա­հէ իր հա­մա­չափ քայլ­քը՝ Արեւելքի եւ Եւ­րո­պա­յի սահ­մա­նին մնա­լով յա­ւերժ փա­ռա­բա­նուած մայ­րա­քա­ղա­քը քա­նի մը կայս­րու­թիւն­նե­րու: