Showing posts with label Յարութ Վարդանեան. Show all posts
Showing posts with label Յարութ Վարդանեան. Show all posts

15.12.12

Ցաւին մէջէն ապրելու նոր յոյս

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
«Հալէպ քաղաք ուր երթեւեկի կարմիրները
 Չեն մարիր օ՜ Հալէպ օ ժամանակի 
Կախարդական լամբար կը շփես կը շփեսՃին արտաշնչելու փոխարէն 
Քեզ – ֆո՛ւփ կը ներշնչէ օ Բերիա Հալէ՜պ»
Յարութ Վարդանեան (Յարվարդ)
«Ստիպուած չենք կուռք մը պաշտել ...»
Յարութ Վարդանեանն այս տողերով կը սկսի Հալէպի «Պապ Ըլ Ֆարաճի ժամացոյցը չ'աշխատիր» իր բանաստեղծութիւնը, որ Հալէպի անուանի հրապարակներէն մէկուն մէջ գտնուող մեծ ժամացոյցներէն մէկուն մասին է: Խորքին մէջ այս բանաստեղծութեամբ, ան իր քաղաքը կը վերհանէ եւ անոր հանդէպ ունեցած վերաբերումին նոր ձեւ կուտայ: Կը պատմէ անոր կիրքին, անհանգիստ շարժումին ու խճողուած առօրեային մասին: