«Առաջին լրատուական» կայքէջը (www.1in.am) Միացեալ Նահանգներու Միշիկըն-Տիրպորն համալսարանի Հայկական Հետազօտութեան Կեդրոնի տնօրէն դոկտ. Արա Սանճեանի հետ կատարած է հետեւեալ հարցազրոյցը, զոր կու տանք նոյնութեամբ իր շահեկանութեան համար։
-Պարոն Սանճեան, տարիներ շարունակ Հայաստան-Սփիւռք համաժողովներ են կազմակերպւում։ Մեծ հաշուով ի՞նչ են շահում Հայաստանը եւ Սփիւռքը այդ համաժողովներից։
-Վերջին տարիներուն կազմակերպուած Հայաստան-Սփյուռք համաժողովները կարելի է բաժնել երկու հանգրուանի։ Առաջինը երեք համընդհանուր հաւաքներն էին, որոնք 1999 թուականէն ետք, նախագահ Ռոբերտ Քոչարեանի և արտգործնախարար Վարդան Օսկանեանի իշխանութեան եղած շրջանին տեղի ունեցան։ Կը թուի, թէ նոյն տարողութեան բազմամարդ հաւաքներ այլեւս պիտի չկազմակերպուին, որովհետեւ պարզ դարձաւ, որ բացի իրենց խորհրդանշական իմաստէն, անոնք որեւէ գործնական յառաջընթացի չյանգեցան։