ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
Ըսել կ՚ուզեմ՝ ընթացի՛կ տարեշրջանի «վերջին զանգ»ը…։
Եւ արդարեւ, 18 տարիներէ ի վեր անխափան գործող ուսումնական այս հաստատութիւնը, Հալէպի ամէնօրեայ վարժարաններուն նման, ինք եւս հնչեցուց 2013-14 կրթական տարեշրջանի իր «վերջին զանգ»ը, Ուրբաթ, Մայիս 23ին։
Դժուար ու անբնական տարեշրջան մը բոլորեց Հայագիտականը այս տարի։
Կրնա՞ր «բնական» ընթանալ իր գոյութիւնը երկրի մը մէջ, ուր պատերազմը կը սաւառնի մեր գլխուն վերեւ ու մեր չորս դին…։