Showing posts with label Կարկեմիշ. Show all posts
Showing posts with label Կարկեմիշ. Show all posts

20.10.12

Կարկեմիշ

ՊԵՏՐՈՍ ՀԱՃԵԱՆ
 
Տարիներէ ի վեր կորսնցուցած եմ արեւելքը, այսինքն աշխարհի այն կողմը, ուրկէ ամէն առաւօտ, արեւը, կարմիր ու կլորակ, երկիր կը ժամանէ քունէն նոր արթնցողի դանդաղկոտութեամբ, բայց դասարան մտնող ժրաջան աշակերտուհիի մը պէս՝ նախ ամօթխած ու համեստ, այնուհետեւ սրատես ու փայլուն: