Showing posts with label Լեզուի Կոմիտէ. Show all posts
Showing posts with label Լեզուի Կոմիտէ. Show all posts

1.11.18

Օտարամոլ, հայերէն խօսքը չգնահատող խցիկի տէրը եւ հոտող ձուկը

ԱՆԱՐԺԱՆ ԴՊԻՐ

Ասպարէզիս բերմամբ՝ ամէն օր եւ ամբողջ օրը կը կարդամ անվերջ լուրեր ու յօդուածներ, գլխաւորաբար Հայութեան եւ Հայաստանին վերաբերող: Կը պատահի, որ անոնց մէջ հանդիպիմ ծուռ բաներու, զորս բանականութեան կշիռին վրայ դնելէ եւ ներողամտութեան բովէն անցընելէ ետք՝ կը դասեմ յետաձգումով դատապարտելիներու շարքին, այն յոյսով, որ մինչեւ յաջորդ հանդիպում՝ սրբագրուած կ՚ըլլան: Խոստովանիմ, որ անվերջ ալիքներու մաշեցուցած ժայռերուն պէս՝  լուրերու առօրեայ հոսքն ալ ժամանակի ընթացքին կամաց-կամաց մտքիս մէջ կը մաշեցնէ անոնց ցանկը եւ ես ինծի կը մտմտամ, թէ՝ այդքան ալ յիշարժան, լուրջ բաներ չէին ուրեմն: