Showing posts with label Թէնի Աբէլեան. Show all posts
Showing posts with label Թէնի Աբէլեան. Show all posts

23.7.16

«Զուլալ» կատարումներ

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայ-ա­մե­րի­կեան «Զու­լա­լ» ե­րաժշ­տա­կան ե­ռեա­կը, աշ­խար­հի նշա­նա­ւոր կարգ մը բե­մեր նուա­ճե­լէ ետք ա­ռա­ջին ան­գամ հան­դէս ե­կաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ՝ եր­կու հա­մերգ­նե­րով, գրա­ւե­լով նաեւ հա­յաս­տան­ցի հան­դի­սա­տե­սին հմայ­քը: Ա­նոր ե­րեք ան­դամ­նե­րուն զու­լալ ձայ­նե­րը գե­րե­ցին հա­յաս­տան­ցի հան­դի­սա­կա­նը, իսկ հան­դի­սա­կան մը, հա­մերգ­նե­րէն ետք խում­բի ձայ­նը բնո­րո­շեց իբ­րեւ «հա­լալ-զու­լա­լ»: Նա­խա­պէս ծրագ­րուած էր միայն մէկ հա­մերգ՝ 17 Յու­լի­սին, սա­կայն տես­նե­լով հան­դի­սա­կա­նի խան­դա­վառ հե­տաքրք­րու­թիւ­նը եւ հա­մեր­գի տոմ­սակ­նե­րու շատ կա­նուխ սպա­ռու­մը, «Զու­լա­լ­»ի հա­մեր­գի կազ­մա­կեր­պիչ ընկերութիւնը՝ Deem communications-ը հա­մերգ մը եւս ծրագ­րեց՝ Շա­բաթ, 16 Յու­լի­սին, որ նոյն­պէս ըն­թա­ցաւ հան­դի­սա­տես­նե­րով լե­ցուն դահ­լի­ճին մէջ: Deem communications ընկերու­թիւ­նը այս հա­մերգ­նե­րուն առ­թիւ յայ­տա­րա­րեց նաեւ Հա­յաս­տա­նի մէջ իր գործունէու­թեան 10-ա­մեա­կի մա­սին: Գա­նա­տա­հայ հայ­րե­նա­դարձ Ռաֆ­ֆի Նի­զիպլեա­նի հիմ­նադ­րած կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը Հա­յաս­տա­նի մէջ մաս­նա­գի­տա­ցած է ա­նուա­նի սփիւռքա­հայ ե­րա­ժիշտ­նե­րու, հա­մերգ­նե­րու եւ ե­լոյթ­նե­րու կազ­մա­կերպ­մամբ: Մինչ օրս այս ըն­կե­րու­թեան ջան­քե­րով Հա­յաս­տա­նի մէջ կազ­մա­կեր­պուած են Վա­հէ Պէր­պէ­րեա­նի, Սերժ Թան­քեա­նի, Կի Մա­նու­կեա­նի, Սե­պուհ Սի­մո­նեա­նի, Այ­լին Խա­չա­տու­րեա­նի եւ այլ սփիւռ­քա­հա­յե­րու ե­լոյթ­ներ: