Ն. Բ.
Հալէպը ազատագրուած է, հոն ապրող հալէպահայութիւնը որոշ չափով
հանգիստ է, որովհետեւ ռմբակոծումներն ու ամէն վայրկեան մահուան սպառնալիքը
հեռու են արդէն: Հալէպի մէջ տիրող վիճակին, հալէպահայերուն տրամադրութեան
եւ գետնի վրայ առկայ կացութեան մօտէն ծանօթանալու եւ հաւաստի աղբիւրէ
տեղեկութիւններ քաղելու նպատակով «Ազդակ» հետեւեալ հարցազրոյցը ունեցաւ
«Գանձասար» թերթի խմբագիր Զարմիկ Պողիկեանի հետ: