Showing posts with label Գարեգին Նժդեհ. Show all posts
Showing posts with label Գարեգին Նժդեհ. Show all posts

27.9.17

Բոլշեւիկը արթուն է, սփիւռքահայը՝ քնացած

ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ

Բոլշեւիկը նստած է մեր մէջ։ Բոլշեւիկը արթուն է։ Կարեւոր չէ, թէ ի՞նչ անուն ունի ան։ Կարեւոր չէ, թէ ո՞ր կուսակցութեան մէջ թաքնուած է ան։ Կարեւոր չէ, թէ Նժդեհի կամ Անդրանիկի անունով հանդէս կու գայ… Երկրորդական են այս հարցադրումները, քանի որ հայու բոլշեւիկ տեսակը հոգեկան հիւանդութիւն է, Սթոքհոլմեան ախտանիշի կրողը, սիրահարած՝ զինք հալածողին, ճնշողին, բանտարկողին, իր դահիճին… Հայ բոլշեւիկ տեսակը, Նժդեհի նկարագրածով՝ տականքը, հանդէս կրնայ գալ որեւէ անունով, որեւէ պատմուճանով…
Քնացողը՝ Սփիւռքի մամուլն է։ Քնաբեր դեղահատը՝ Հայաստանի իշխանութիւններուն հրամցուցած ազգային սուտ միասնութիւնը, հայրենիքի ապահովութիւնը չխաթարելու հնամաշ «խրատ»-ը, ներքին հարցերուն չխառնուելու սկզբունքին պարտադրանքը, ասոր-անոր շնորհուած մետալները, ո՛չ մէկ նորութիւն բերող եւ ինքզինք կրկնօրինակող համահայկական խորհրդաժողովները…
Բոլշեւիկը արթուն է, այնքան ատեն, որ կը ճնշուի հայ աշխատաւոր դասակարգը՝ նորօրեայ օլիգարխներու կողմէ, յանուն քուէի, յանուն հարստութեան կուտակման, յանուն իշխանական կեղեքող համակարգի յաւիտենական գոյութեան։ Բոլշեւիկը արթուն է. «ՍԱՍ»-ի Արտակը՝ վկայ։
Բոլշեւիկը արթուն է, քանի դեռ հայ Մշակոյթի նախարարին որոշումով կը փակուի Կասեաններու եւ Միկոյեաններու վայրագութիւններն ու ազգադաւ գործունէութիւնը բացայայտող ցուցահանդէսը, քանի դեռ «արուամոլ» ու օտարէն գանձատրուող կը համարուի ցուցահանդէսի կազմակերպիչը։ Նոյն բոլշեւիկը չէ՞ր, որ արուամոլի մեղադրանք դրած էր հանճարեղ Փարաճանովի վրայ… Նոյն բոլշեւիկը չէ՞ր, որ օտարի ծառայող համարած էր Բակունցն ու Չարենցը ու գնդակահարած էր զանոնք՝ բոլշեւիզմի սարքած տանջանքի զնտաններուն մէջ…
Բոլշեւիկը արթուն է, քանի դեռ դպրոցի տնօրէնն ու հիւանդանոցի գլխաւոր բժիշկը, գործատան ղեկավարն ու բարձրաստիճան պետպաշտօնեան իրենց ծառայութիւնները կը մատուցեն ո՛չ թէ հայ ժողովուրդին, այլեւ՝ կասկածելի միջոցներով եւ օտարերկրեայ դեսպաններու օրհնութեամբ իշխանական բուրգի գագաթը հասած խմբակի շահերուն, ոտնակոխ ընելով հայ մարդու իրաւունքը, իղձը, ձգտումը, պատիւը։
Բոլշեւիկը արթուն է եւ գործօն։ Վկան՝ հարիւր հազարաւորներու հայրենալքութիւնն է, Հայաստանի՝ հայութենէ պարպումը, հայաթափումը՝ խորթ ու ապիկար իշխանութիւններու գոյացման առ ի հետեւանք։
Բոլշեւիկը ո՛չ միայն արթուն է, այլ ընդամէնը մեթամորֆոզէ անցած, մութանթի վերածուած է ան եւ ամէն օր կ’ամրացնէ իր դիրքը՝ իշխանական համակարգի ամենաբարձր ոլորտներուն մէջ։ Իր կամքը կը պարտադրէ հայ ժողովուրդին՝ Հայաստանէն ի սփիւռս աշխարհի։
Բոլշեւիկը արթուն է։ Ան բոյն դրած է ստրկամիտ, օտարամոլ, յոյսը Հիւսիսին կամ Արեւմուտքին կապած, իր տեսակին չհանդուրժող, քծնող, անհայրենիք հայու հոգիին մէջ։ Ան տականքի հոգիին մէջ ասպատակող Տրովադայի ձին է, որ բերդը ներսէն կը գրաւէ…
Արթուն է բոլշեւիկը։ Քնացած է Սփիւռքը՝ իր մամուլով, իր կառոյցներով, իր կազմակերպութիւններով։ Պարտադիր քուն՝ յանուն ազգային համերաշխութեա՜ն, յանուն անխռով հանգիստի՜, յանուն մետալներու…
Ու վա՜յ այն օրուան, երբ այս քունը երկարի ու դառնայ… մահաքուն։

«Նոր Յառաջ», 16 Սեպտեմբեր 2017

25.9.16

Վերջին 10 տարիներին Երեւանում տեղադրուած արձանները

ԴԻԱՆԱ ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Վերջին 10 տարիներին Երեւանում տեղադրուել է 29 արձան:
Երեւանի քաղաքապետարանի` «Հետք»-ին փոխանցած յուշարձանների ցանկը ներառում է 2005 թ. մինչև 2016-ի առաջին եռամսեակը տեղադրուած արձանների անունները: Ըստ այդ ցուցակի` 2005 եւ 2006 թուականներին մայրաքաղաքում յուշարձան չի տեղադրուել։

9.10.11

Լեւոն Տէր Պետրոսեան. «Վստահ եմ ձեզանից շատերը չգիտեն Նժդեհի ուսմունքը եւ Աստուած չտայ իմանան»

Նոյեմբերի 9, 2010ին տեղի ունեցած ընդդիմադիր Հայ Ազգային Կոնգրէսի (ՀԱԿ) հանրահաւաքին ընթացքին, Հայաստանի առաջին նախագահ ու այժմ անոր առաջնորդ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը մեղադրած էր իշխող Հանրապետական Կուսակցութիւնը (ՀՀԿ), որ ան ցեղակրօնական գաղափարախոսութիւն կը քարոզէ, այլ խօսքով` ցեղապաշտութիւն (racism): Իշխող կուսակցութիւնը անսպասելիօրէն բուռն կերպով արձագանքած էր. «Ցեղակրօնութիւնը ռասիզմի հետ համեմատողները կա´մ գիտութիւնից կիլոմետրերով հեռու են, կա´մ միտումնաւոր կերպով ցեխ են շպրտում ազգային արժէքային համակարգի վրայ»,- յայտարարած էր ՀՀԿ-ի մամուլի քարտուղար Էդուարդ Շարմազանովը: Նիւթը վերստին արծարծուած է վերջին օրերուն։

25.2.10

Սեւ ու ճերմակի թագաւորութիւն

Տխրահռչակ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններու ստորագրութեան նախօրեակին, Հայաստանի Ազգային Ժողովի Հանրապետական կուսակցութեան խմբակցութեան պետ Գալուստ Սահակեանը տեղին համարած էր արձանագրութիւններու ընդդիմադիրները կնքել շարք մը գոյնզգոյն մակդիրներով։ Ան յայտնած է, ըստ մամուլին, թէ «Սփիւռքում Սերժ Սարգսեանի դէմ բողոքողները տականքներ են, եւ մոլախոտը “մեր ազգից դեռեւս չի վերացել”»: Աւելի՛ն.