Showing posts with label Անթուան Փեվսներ. Show all posts
Showing posts with label Անթուան Փեվսներ. Show all posts

19.3.20

Վիրժինի Փեվսներ՝ չեխովեան կերպար մը. հարցազրոյց Եւա Մկրտիչեանի հետ

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
  
Ստորեւ կը հրատարակենք Եւա Մկրտիչեանի հետ հարցազրոյցը, ուր ան կը յիշէ բացառիկ անձնաւորութիւն մը՝ Վիրժինի Փեվսները (ծնեալ Չիլինկիրեան), Ռուբէն Դարբինեանի (բուն անունով՝ Արտաշէս Չիլինկիրեան) քոյրը։ Դարբինեան Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Արդարադատութեան նախարարն էր, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պատկառելի անդամը եւ Պոսթընի «Հայրենիք» ամսագրի հիմնադիրը։ Վիրժինի Փեվսներ-Չիլինկիրեան ձեւով մը եղբօր հակապատկերն էր։ Ան արուեստագէտի հոգի ունէր, որ բնաւ առնչութիւն չունէր քաղաքականութեան հետ։ Հայութեան հետ իր կապը զգացական էր, մանկութենէն մնացած՝ իր ընտանիքի ծանօթութիւններուն ընդմէջէն։ Ամուսնացած էր ռուս նշանաւոր քանդակագործ Անթուան Փեվսների հետ, որ ռուսական կառուցողապաշտ դպրոցի յայտնի դէմքերէն էր։ Պոլշեւիկեան յեղափոխութենէն ետք, անոնք 1923-ին Մոսկուայէն հեռացած են եւ հաստատուած Փարիզ։