Showing posts with label Աըցախ. Show all posts
Showing posts with label Աըցախ. Show all posts

22.9.16

Քառորդ դար անկախութիւն

Ժ. Չ.
 
25-րդ տարեդարձը պիտի ըլլա՞յ շրջադարձային։ Սպասումները միշտ մեծ եղած են եւ նոյնքան մեծ՝ վհատութիւնը, յուսալքութիւնը, հայրենիքէն հեռանալու մտադրութիւնը։ Սակայն եւ այնպէս նոյնքան եւ աւելի հզօր է ժողովուրդին, մասնաւորապէս երիտասարդութեան փարումը Արցախին, Հայաստանի պաշտպանութեան։ Ծայրագոյն լարումը ստեղծեց «Սասնայ ծռեր»-ը՝ «խմբասպանական» արարքը։ Անսպասելի էր իշխանութեան համար, որ ոստիկանական ջոկատներու ապաւինած՝ պաշտպանուած կը զգար զինեալ ցնցումներէ։ Յենած՝ արտագաղթի մարտավարութեան, ժողովրդային ընդվզումը՝ յեղաշրջումի վտանգէն հեռացուցած կը կարծէր։