Showing posts with label «Ազատագրենք յուշարձանն օլիգարկխից». Show all posts
Showing posts with label «Ազատագրենք յուշարձանն օլիգարկխից». Show all posts

31.8.13

«Աւելի լաւ ա գնաս թուրքի տակ պառկես»...

Օգոստոս 31ին «Փակ շուկա»յի մօտ հաւաքուած, որպէս շուկայի նախկին պաշտօնեաներ ներկայացող կիներ միջոց չէին խնայեր շուկայի կառուցապատման դէմ պայքարող գործիչներու հետ բախումներ հրահրելու համար։ Մասնաւորապէս, անոնք կը փորձէին ազդել անոնց միացած սփիւռքահայերու վրայ՝ յայտարարելով, թէ «սա մեր երկիրն է, ձեր ինչ գործն է», եւ կը պահանջէին, որ «արեւմտահայերէն խօսող մարդիկ» հեռանան շուկայի տարածքէն։
Որպէս շուկայի նախկին պաշտօնեայ ներկայացած կիներէն մէկը, մօտենալով սփիւռքահայ լրագրող Սեդա Մավեանին, սկսաւ նախատել զայն։ Կը մէջբերենք անոնց վէճէն.