13.9.17

Անկեղծ պատրաստակամութեամբ

ԿԱՐՕ ԱՐՄԷՆԵԱՆ

Արդէն լայնօրէն ծանուցուած է, որ յառաջիկայ Հայաստան-Սփիւռք խորհրդաժողովի օրակարգին վրայ պիտի գտնուի «Համազգային Խորհուրդ» մը կեանքի կոչելու՝ վաղուց շրջանառուող գաղափարը, որ այս կէտին վրայ նաեւ կը վայելէ պետական բարձրաստիճան հովանաւորութիւն՝ ՀՀ նախագահի ուղիղ եւ անձնական միջամտութեամբ: Թէ ի վերջոյ ի՞նչ ձեւաւորում կը ստանայ Խորհուրդի այս նախագիծը եւ ի՞նչ չափով ան կը հանդիսանայ հարցերու հանգուցալուծման բեւեռ մեր հաւաքական կեանքին մէջ՝ դժուար է կանխագուշակել: Անիկա դեռ ճամբայ ունի կտրելիք՝ ենթակայ ըլլալով մեր այսօրուան իրականութենէն բխող թերահաւատութեան բոլոր շերտերուն:
Մէկ բան, սակայն, յստա՛կ է. Հայաստան-Սփիւռք խորհրդաժողովը, իր յղացքով, չունի անհրաժեշտ լիազօրութիւնը այս կարեւոր խնդիրով որոշումներ կայացնելու: Ան չունի նաեւ անհրաժեշտ ձեռնհասութիւնը այս բարդ հարցով զբաղելու: Այնուամենայնիւ, պէտք է հաստատել, որ խորհրդաժողովը կը հայթայթէ մեծապէս պիտանի հարթակ մը պետական այս նախաձեռնութիւնը հանրութեան ուշադրութեան յանձնելու եւ առիթ ընծայելու, որ հարցը համակողմանի քննարկման ենթարկուի խորհրդաժողովին յաջորդող ամիսներուն ընթացքին:
Իրականութիւնը այն է, որ ի վերջոյ, այս հարցի քննարկման գործնական դաշտը ՀԱՄԱՍՓԻՒՌՔԵԱՆ կառոյցներու ղեկավար ոլորտն է (կուսակցութիւններ, ազգային իշխանութիւններ, համասփիւռքեան ծաւալով գործող հասարակական կազմակերպութիւններ), ուր եւս գոյութիւն ունին շարք մը անհամաչափութիւններ, որոնց մասին անհրաժեշտ է խօսիլ մէկ այլ յօդուածով։
Այսօր կ՛ուզեմ անդրադառնալ այն իրողութեան, որ Համազգային Խորհուրդի ստեղծման գաղափարը անխուսափելիօրէն կը բախի հայրենի իշխանութիւններու ներքին քաղաքական վիճակացոյցի՝ վաղուց գոյութիւն ունեցող բացերուն, հարցականներ յարուցելով, առաջին հերթին, տնտեսութենէն ներս ամրացած եւ ՀՀ իշխանութիւններուն կողմէ հանդուրժուող մենաշնորհային համակարգի դերակատարութեան կապակցութեամբ: «Համազգային Խորհուրդ»ի գաղափարը կ՚առաջարկուի այնպիսի ժամանակ, երբ դասակարգային հսկայ խզում մը կը պատուհասէ երկրի հաւաքական կեանքը՝ անհնարին դարձնելով ազգային ընդհանուր համաձայնութեան մը կազմաւորումը երկրէն ներս: Մենաշնորհային համակարգը մեծագո՛յն խոչընդոտն է՝ միջին դասակարգի ձեւաւորման հոլովոյթը խափանող: Հասարակութեան այս շերտը, որակաւոր աշխատատեղերու չգոյութեան պատճառով, հետեւողականօրէն կը մղուի երկրէն դուրս՝ ամէն օր աւելի՛ խախտելով ժողովրդագրական կշիռը հայրենաբնակ մեր ժողովուրդին ու Սփիւռքին միջեւ: Մենաշնորհային տնտեսութեան կողմէ խթանուած այս արտագաղթը երկրի թանկագին ուժականութի՛ւնն է որ կը պարպէ, եւ այդ թարմ աշխատուժը ամէն օր կը վերածուի նոր, անկազմակերպ ու բարոյալքուած սփիւռքի մը, որ կու գայ, իր կարգին, բարոյալքելու աւանդական Սփիւռքի հոգեբանական միջավայրը:
Կը խօսինք ազգային ճգնաժամի մը մասին, որ սերտօրէն առնչուած է մենաշնորհային համակարգի շղթայազերծած ներքին փլուզումներուն, որոնք պէտք է անյապաղ եւ անպայման կասեցուին ՀՀ իշխանութիւններուն կողմէ, նո՛յն իշխանութիւններէն պահանջուող արմատական նախաձեռնութիւններով: Առ այդ՝ գերազանցօրէն կարեւոր է, որ ՀՀ իշխանութիւնները ներկայանան յառաջիկայ Հայաստան-Սփիւռք խորհրդաժողովին՝ մենաշնորհային համակարգի կազմախօսութեան մասին յստակ, առարկայական եւ խորքային վերլուծումներով յագեցած զեկուցագիրով մը: Խորհրդաժողովը պէտք է իրազեկ դառնայ, թէ ՀՀ իշխանութիւնները ի՛նչ գիտեն երկրի տնտեսութեան այս կործանարար ներքին վարակին մասին: Յիշեալ զեկուցագիրը պէտք է պատասխան տայ առնուազն հետեւեալ հարցադրութեանց.
ա.- Որո՞նք են մենաշնորհային համակարգի տէրերը երկրին մէջ:
բ.- Որո՞նք են մենաշնորհային ուժի պաշտօնական եւ անպաշտօն կառուցակարգերը տնտեսութենէն ներս:
գ.- Ի՞նչ է համակարգին ճիւղային տեղաբաշխումը:
դ.- Ի՞նչ է համակարգին աշխարհագրական տեղաբաշխումը:
ե.- Ո՞րն է համակարգին ազդեցութեան ծիրը մրցակցային դաշտէն ներս, եւ դաշտը առեւանգելու իր մեթոտները:
զ.- Որո՞նք են համակարգին քաղաքական լծակները երկրէն ներս եւ երկրէն դուրս:
է.- Տալ համակարգի վերջին 27 տարիներու ներդրումային գործունէութեան վերլուծութիւնը:
ը.- Տալ ճշգրիտ պատկերը համակարգին կողմէ ցարդ ստեղծուած աշխատատեղերու թիւին (տարիներու կտրուածքով):
թ.- Տալ ազգային եկամուտի (national income) վերաբաշխման ծաւալները եւ համակարգի համեմատական կշիռը այդ ծաւալներուն մէջ:
ժ.- Տալ համակարգի հարկային մուտքերու ծաւալները:
ժա.- Տալ մանրամասնեալ պատկերը մենաշնորհային համակարգի տէրերուն կողմէ ՀՀ առաջին տարիներուն գնուած արտադրողական միջոցներուն՝ յստակացնելով, թէ ի՞նչ գին վճարած են անոնք պետութեան, եւ թէ ի՛նչ է այդ հարստութեան շուկայական փոխարժէքը այսօր:
ժբ.- Սեփականաշնորհման ի՞նչ պայմաններու մէջ կազմաւորուած է համակարգը անկախութեան առաջին տարիներէն սկսած, եւ ի՞նչ աճ արձանագրած է ան՝ տնտեսական ուժի կեդրոնացման առումով:
ժգ.- Վերջապէս, ի՞նչ յստակ ռազմավարութիւն ունին ՀՀ իշխանութիւնները մենաշնորհային համակարգի կազմաքանդման առնչութեամբ:
Համազգային Խորհուրդի գաղափարը կ՚ենթադրէ համազգային պատասխանատուութիւն: Անիկա կ՚ենթադրէ նաեւ ազգային հզօ՛ր նախանձախնդրութիւն: Կ՚ենթադրէ քաղաքական կամք՝ այդ գործին մէջ Սփիւռքի անկախ դատողութիւնն ու լիիրաւ մասնակցութիւնը ընդգրկելու: Կ՚ենթադրէ անկեղծ պատրաստակամութիւն՝ ՀՀ գործող քաղաքական մշակոյթի նորմերը քանդելու, կաշառակերութիւնը կասեցնելու, տնտեսութիւնը մաքրելու իր ցեցերէն եւ հայ պետականութեան նոր դարագլուխը հռչակելու: Այդ բանը սակայն չի՛ կրնար տեղի ունենալ այնքան ատեն որ երկրի ուժականութիւնները կապտուած են բուռ մը շահագործողներու կողմէ: Մի՛ ակնկալէք, որ Համազգային Խորհուրդը իր գոյութեամբ գայ լռելեայն հարազատագրելու (legitimize) մեր ժողովուրդին դէմ գործուած եւ գործուող այս յանցագործութիւնը:

«Ասպարէզ», 13 Սեպտեմբեր 2017

No comments:

Post a Comment