Երէկ ծանր գիշեր մըն էր Հայաստանի համար: «Ո՛չ թալան»ին նախաձեռնութեան շուրջ բոլորուած մեծ թիւով քաղաքացիները մինչեւ առաւօտեան ժամերը
նստացոյց ըրին Բաղրամեան փողոցի նախագահական նստավայրին դիմաց: Առաւօտեան
կանուխ ժամերուն ջրցան մեքենաներ գործի լծելով, ՀՀ
ոստիկանութիւնը մեծ թիւով ձերբակալութիւններու ձեռնարկեց: Անկանխատեսելի էին մանաւանդ հայրենի լրատուական միջոցներուն, յատկապէս
«Ազատութիւն» եւ «Հետք»ի լրագրողներուն դէմ կիրառուած բռնութիւնները:
«Ազատութիւն» ռատիօկայանի լրագրողը, այս առաւօտ եթեր մտնելով, յաւելեալ
մանրամասնութիւններ պատմեց երէկ տեղի ունեցած դէպքերուն եւ իրենց
նկարահանող խումբին դէմ եղած բռնութիւններուն մասին, նշելով, որ իրենց
նկարահանման սարքերը կոտրուեցան: Կը հաղորդուի նաեւ, որ ներկայ պահու
դրութեամբ Հայաստանի ոստիկանատուները կան շուրջ 237 երիտասարդներ,
որոնք տարբեր հանգամանքներու տակ, շատերը բռնութեամբ` ձերբակալուած են:
Ո՞վ է շահողը այս բոլորէն: Իշխանութիւննե՞րը, ՀԷ՞Ցը (Հայաստանի
ելեկտրական ցանցեր), ընդդիմութի՞ւնը կամ ՀՀ քաղաքացի՞ն: Հարցումը
հռետորական չէ եւ այս առումով աւելորդ է պատասխաններ սպասելը: Միակ
փաստը, որ կարելի է գրանցել այս դէպքերուն առընթեր, այն է, որ տուժողը մեր
երկիր Հայաստանն է: Մեր երկրի ընդհանուր վարկն ու դիմագիծը: Եղածը
դատապարտելի է բնականօրէն եւ պատասխանատու դիրքերու վրայ գտնուող անձնաւորութիւններ պէտք է վերատեսութեան ենթարկեն երէկ գրանցուած
ընդհանուր պատկերին էութիւնը:
Աւարտին հարկ է դրական շեշտադրումով խօսիլ երէկ Երեւանի փողոցները «գրաւած» երիտասարդութեան մասին, որոնք
ոչ թէ միայն ելեկտրականութեան 7 դրամի թանկացման դէմ կը պայքարին, այլ անոնք մեր հանրապետութեան ամենէն փայլուն, ամենէն լիիրաւ եւ
ամենէն ոգեշնչող տեսակն են: Մեր ուշադրութիւնը գրաւեց հայրենի արձակագիր
Ռուբէն Յովսէփեանի այս առաւօտ ըրած Ֆէյսպուքեան գրառումը: Յովսէփեան իրաւացի էր երբ կը գրէր. «Եթե կոտրուի մեր այս ջահելութիւնը՝ այս
իշխանութիւններին ներում չկայ…»: Արդարացի է Յովսէփեան եւ հեռու մնալով
շատախօսութիւններէ, լիայոյս ենք, որ այս լարուածութիւնները արագօրէն կը
վերանան եւ պատասխանատու մարմիններ ամէն ճիգ ի գործ կը դնեն, առանց այս
թանկացման ալ ծանր բեռան տակ յայտնուած ՀՀ քաղաքացիին իրավիճակը
բարելաւելու համար:
No comments:
Post a Comment