13.9.14

Հայկական ցեղասպանութեան եւ Հայկական Հարցի գիրքերու նոր մատենագիտութիւն

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչական բաժինը լոյս ընծայած է պատմաբան Աւագ Յարութիւնեանի «Հայոց ցեղասպանութիւն եւ Հայկական Հարց. գրքերի մատենագիտութիւն» արժէքաւոր աշխատութիւնը:
Գիրքը կը ներկայացնէ հայկական ցեղասպանութեան եւ Հայկական Հարցին նուիրուած 1860-2010 թուականներուն հրատարակուած 19 լեզուներով 17235 գրքի ամփոփ եւ համապարփակ մատենագիտութիւնը: Ի տարբերութիւն ցարդ տպուած մատենագիտութիւններու, աշխատութիւնը հայերէն, ռուսերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն եւ թրքերէն լեզուներով կազմուած օժանդակ ցանկեր ունի` ըստ անհեղինակ հրատարակութիւններու, անձնանուններու, աշխարհագրական անուններու, հրատարակիչներու, տպագրութեան վայրերու եւ տպագրութեան ժամանակագրութեան: Ա. Յարութիւնեանի հեղինակած յառաջաբանին մէջ հանգամանօրէն ներկայացուած են ցարդ հրատարակված նմանօրինակ մատենագիտութիւնները եւ այս աշխատութեան կազմութեան սկզբունքները: Որպէս յաւելուած, զետեղուած են նաեւ նիւթին կապուող 2011-2013ին տպուած գիրքերու ցանկեր:
Այս համահաւաք մատենագիտութիւնը օգտակար ուղեցոյց պիտի ըլլայ այս նիւթերու ուսումնասիրութեամբ զբաղողներու համար:
Գիրքը հրատարակուած է «Սարգիս Գաբրիէլեան» հիմնադրամի մեկենասութեամբ:

No comments:

Post a Comment