28.7.14

ԱՔՓ/Կիւլէն կը շահագործեն Տինքի ոճիրը

Ոչ միայն մեզ, այլ համայն աշխարհին ծանօթ է, թէ ինչպէս սպաննուեցաւ «Ակօս»ի հիմնադիր եւ հրատարակութեան վարիչ՝ Հրանդ Տինք։ Նոյնպէս բոլորին ծանօթ է, թէ պետական կառոյցները եւ այդ կառոյցներուն հետ գործակցող մերթ պաշտօնական, մերթ կիսապաշտօն եւ մերթ ալ անպաշտօն ո՛ր կառոյցները դերակատարութիւն ունեցան։ Ինչպէ՛ս ապահովուեցաւ անոնց անպատժելիութիւնը։
Զինուորականներու, ոստիկաններու, պետական բարձրաստիճան պաշտօնէութեան եւ մամուլի գործակցութեամբ իրագործուած ոճիրին հեղինակները անցնող եօթը տարիներու ընթացքին ազատօրէն շարունակեցին իրենց կեանքը։ Բարձրացան իրենց պաշտօններուն մէջ, նոր պաշտօններու նշանակուեցան, երեսփոխան, նախարար դարձան։ Ուրիշ յանցանքներով բանտարկուեցան ու ապա ազգային հերոսի նման դուրս ելան բանտէն։
Այս խորհրդաւոր ոճիրին լուսաբանումը պահանջողները ընդմիշտ ըսին, թէ մինչեւ որ ոճիրին պետական գործօնները չհրապարակուին՝ Թուրքիոյ պետութեան եւ անոր վարիչներուն ձեռքերը արիւնոտ պիտի մնան։
Այժմ իշխանութեան գլուխը գտնուող ԱՔՓ կուսակցութեան եւ Կիւլէնի համայնքին միջեւ տասնամեայ գործակցութիւնը տարանջատւած է եւ բախումներու շրջան մը կը բոլորենք։ Երբ այս տարանջատումը յստակացաւ, մեզի համար դժուար չէր ենթադրել, թէ կողմերը Տինքի ոճիրը պիտի շահագործեն իրարու դէմ։ Արդարեւ հարցաքննութեան թղթածրարը երկար տարիներ անշարժութեան մատնող դատախազ Մուամմէր Աքքաշ, երբ կառավարութեան ուղղեալ զեղծարարութեան գործողութեան ընթացքին Ֆէթհուլլահ Կիւլէնի համայնքին մօտ դիրք բռնեց, իր վրայ հաւաքեց նաեւ կառավարութեան շանթերը։ Անոր պաշտօնանկութիւնը Տինքի ոճիրի շուրջ սարքուած խաղերու մասին ալ պատկերացում մը կու տար։ Ուստի կառավարութեան մօտ երկու թերթեր իրենց վերտառութիւններով կը յայտնէին, թէ Տինքի ոճիրին բուն պատասխանատուները «զուգահեռ կառոյց» անուանուած Կիւլէնի մօտ ոստիկաններ են։ Այս լրատուութիւնները կը մատնանշէին այն տարրերը, որոնց դատուելուն համար բազմիցս կոչ ըրած էինք։
Սակայն իշխանամէտ թերթերը, երբ որոշ տարրերը կը մատնանշէին, անդին զգուշօրէն կը քօղարկէին ոստիկանութեան մէջ խարսխուած այլ խմբաւորումները, Ազգային Լրաքաղութեան Կազմակերպութեան (MİT), ոստիկան զօրաց եւ կարգ մը դատական ու պետական պաշտօնէական տարրերը։
Մենք կը պնդենք որ այս ոճիրին մէջ պետութեան զանազան մարմինները իրենց բաժինը ունին։ Այսօր տարանջատուած կառավարութիւնը եւ Կիւլէնի համայնքը
անցեալին միասնաբար կը քօղարկէին ոճիրը։
Հրանդ Տինքի ոճիրը իրենց հաշիւներուն համար շահագործողները երբեք չեն նպատակադրած ոճիրին յայտնաբերումը։ Անոնք կը շարունակեն գործակցիլ։ Այս յանցագործութեան հեղինակները չեն կրնար «Նոր Թուրքիա» կառուցել։ Անոնք հազիւ հին Թուրքիոյ նոր ձեւացուած ծանօթ տգեղ դէմքը կը ներկայացնեն։

«Ակօս», Յուլիս 18, 2014


 

No comments:

Post a Comment