1.7.13

Թուրքիոյ իրադարձութիւններու լոյսին տակ

Ա. Դ.

Որեւէ երկրի որեւէ ազգային փոքրամասնութիւն կը յայտնուի ծայր աստիճան փափուկ եւ դժուար իրավիճակի մէջ, երբ ինքզինք կը գտնէ ներքաղաքական պայքարի մը երկու, երբեմն ալ աւելի բեւեռներու միջեւ: Նոյնիսկ մեծ պետութեան մը ղեկավարութենէն պահանջուածէն ալ աւելի խոհեմ դիւանագիտական կեցուածք կը պարտադրէ այդ գոյավիճակը: Ճկուն չէզոքութիւն մը պէտք է հաստատել, ոչ ոքի հետ «գէշ մարդ» ըլլալու համար: Սխալելու իրաւունք խնդրոյ առարկայ չէ, թէ ոչ՝ գործուած սխալը կրնայ վճարուիլ գոյութեան գինով իսկ: Այս առումով, մերօրեայ ամենէն թարմ օրինակն է սուրիահայոց վիճակը: Իսկ լիբանանահայ գաղութը լաւ գիտէ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ չէզոքութիւն պահպանել, որ ինքնին պայքար մը եղաւ շուրջ երկու տասնամեակ: Սուրիահայութիւնն ալ, այդ առումով՝ ցայսօր ցուցաբերեց հմուտ կեցուածք:
Ներկայիս, թէեւ ոչ նոյնքան ծանրակշիռ՝ քանի որ պատերազմական վիճակ խնդրոյ առարկայ չէ, բայց եւ այնպէս, տեսականօրէն նման դիրքի մէջ կը յայտնուի նաեւ Թուրքիոյ հայ փոքրամասնութիւնը, աւելի՝ պոլսահայութիւնը, քանի ինչպէս ծանօթ է՝ Հայերը ջախջախիչ մեծամասնութեամբ կը բնակին Պոլիս: Հոս զանց կ՚առնենք թաքուն հայերու պարագան, որոնք որպէս այդ, թէեւ այլ բնոյթի անթիւ ու անհամար խնդիրներ ունին, բայց գոնէ զերծ կը մնան փոքրամասնութեան մը սպառնացող նման վտանգներէն:
Թուրքիոյ մէջ այսօր իշխանութեան գլուխ գտնուող AKP-ականներու եւ անոնց ընդդիմադիրներուն միջեւ սկսած սուր պայքարը կ՚ենթադրէ շարք մը խորհրդածութիւններ:
Նախ պէտք է տարրալուծել որպէս ընդդիմութիւն հանդիսացող այդ զանգուածը: Որո՞նք են անոր բաղկացուցիչները:
Ինչպէս կը պատահի յաճախ, հոս եւս՝ անբաղձալի հասարակաց հակառակորդին դէմ միացեալ ճակատ կազմած են ընդդիմութեան ամէն տեսակի ուժեր, առանց բացառութեան: Քով քովի եկած են քրտամէտ, բանուորական, բանուորական-ազգայնամոլ, ուսանողական միութիւններ, արհմիութենականներ, քեմալականներ, ազգայնամոլներ…: Երեւոյթը այն աստիճան եզակի է, որ թուրք լրագրող մը արդարօրէն եւ երգիծանքով՝ դիտել կու տար, որ լուսանկարներու մէջ բարեփոխումներ կատարելու վերջին նորոյթ միջոցներով իսկ դժուար թէ կարելի ըլլար ձեռք ձգել որոշ պատկերներ, ուր համախմբուած են ազգայնամոլը՝ իր եռամահիկ, քրտամէտ BDP-ականը՝ իրեն յատուկ եւ հուսկ քեմալականը՝ թրքականին վրայ Աթաթիւրքի պատկերը կցուած դրօշներով:
Յեղափոխական այս շարժումէն անմասն չեն մնար նաեւ հայ քաղաքացիներ եւ հայ երիտասարդական որոշ խումբեր:
Բայց, հոս, Թուրքիոյ ծագումով հայ քաղաքացիին տեսանկիւնէն անհրաժեշտ է յղել երկու հարցում: Այս ամբողջը՝ վասն ինչի՞: Վասն որո՞ւ:
Վասն ինչի՞. այս հարցումին պատասխանը համեմատաբար աւելի դիւրին կրնայ ըլլալ, քան յաջորդինը: Կարելի է մէկ-մէկ թուարկել այն բոլոր բացասականները, զորս կարելի է վերագրել ներկայ վարչակարգին, վարչապետին, ներկայացնել տեսլապաշտ պահանջներ, ունենալ երազանքներ, տենչալ լաւագոյնը: Դեռ մնաց, որ վերը նշուած խմբաւորումներէն իւրաքանչիւրին տեսլակա՛նն ալ տարբեր է, երազած Թուրքիան ալ, տենչանքն ալ:
Իսկ վասն որո՞ւ հարցումն է, որ կիզիչ է: Չէ՞ որ ամէն ինչ կախեալ է անձէն, անձերէն: Ենթադրենք, թէ այս շարժումը յաջողեցաւ ճամբել դժգոհութիւն պատճառողները… յաջորդող անմիջական հարցումը հետեւեալն է. ո՞վ պիտի փոխարինէ զանոնք: Հոս է, որ մեր կարծիքով, հայկական տեսանկիւնէն՝ կ՚ուրուագծուի պղտոր, չըսելու համար մութ ապագայ:
Թուրքիոյ մէջ երբեք իսկական ժողովրդավար կուսակցութիւն գոյութիւն չէ ունեցած եւ այսօր ալ գոյութիւն չունի: Անոնք, որոնք իրենք զիրենք կը բնորոշեն ժողովորդավար, որոնք կը կարծեն ժողովրդավար ըլլալ, ժողովրդավարութեան իրենց ներշնչումը կը ստանան Աթաթիւրքէն ժառանգուածէն, որ սկիզբէն իսկ ազգայնամոլութեամբ թրծուած գաղափարախօսութիւն մըն է եւ այդ ազգայնամոլութիւնը տասնամեակներու ընթացքին ա՛լ աւելի շեշտուած է կարենալ ոտքի պահելու համար կեղծիքներու վրայ հիմնուած հանրապետութիւն մը:
Ներկայի այս շարժումին, —որ «Կէզի» կոչուած է՝ այն հանրապարտէզին անունով ուրկէ ծնունդ առաւ բողոքի ալիքը—, գլխաւոր բաղադրիչը CHP-ի (Ինէօնիւի հիմնած Ժողովուրդի հանրապետութիւն կուսակցութիւնը) քեմալական համակիրներու ամբոխն է, որ երկրին ընդդիմադիր գլխաւոր ուժը կը կազմէ: Հոս, հարկ է նաեւ նշել, թէ կրօնամէտներու յառաջխաղացքը մինչեւ հոս ալ հասած չէր ըլլար արդէն, եթէ բանակը, որ քեմալական է, ունենար իր նախկին ուժը եւ հետզհետէ արիւնաքամ եղած չըլլար Էրտողանի կողմէ: Ան, անցեալին պետական հարուածներ կատարած է այս վերջին իրադարձութիւններէն շատ աւելի նուազ ծանրակշիռ պարագաներու:
Ուրեմն, ենթադրենք, թէ բողոքի շարժումին մասնակիցները յաջողեցան վար առնել ներկայի վարչակարգը. ի՞նչ պիտի պատահի այնուհետեւ: Եթէ ամէն ինչ ընթանայ անխռով, —ինչ որ այլ քննարկումի նիւթ է, քանի ներկայի վարչակարգը մեկնելու ոչ մէկ պատրաստակմութիւն ցոյց կու տայ, ոչ ալ զուրկ է ներքին եւ արտաքին որոշ շրջանակներու կարեւոր նեցուկէն—, յանուն իրենց պաշտպանած եւ պահանջած «ժողովդրդավարութեան», փողոց իջած ժողովուրդը եւ անոնց գլխաւոր հովանաւորը՝ CHP կուսակցութիւնը պիտի թելադրեն նոր ընտրութիւններ, որոնցմէ՝ այս շարժումին ալ տուած թափով, հաւանական է, որ յաղթական ելլեն իրենք: Մանաւանդ, որ Միացեալ Նահանգներ եւ Եւրոպա կը ղրկեն այնպիսի ազդանշաններ, որոնք ենթադրել կու տան, թէ իրենց համար Էրտողէնի եւ իր խումբին ժամանակաշրջանը սպառած է: Այդ պարագային իշխանութեան գլուխ պիտի գան «քեմալական ժողովրդավար»ներ, որոնք ընդդէմ՝ կրօնամոլութեան՝ ազգայնամոլութեան ծորակը քիչ մը աւելի պիտի բանան, ինչպէս այս եւ իրենց տեսանկիւնէն՝ այլ վտանգներու դէմ ըրած են հանրապետական պատմութեան ամբողջ երկայնքին:
Կայ նաեւ այլ հաւանականութիւն մը: Աթոռներու եւ դիրքերու սիրոյն, գոնէ առժամաբար, AKP-էն պիտի մնայ գրեթէ միայն իր անունը, եւ ան կիրքերը հանդարտեցնելու համար՝ հետզհետէ զիջումներ կատարելով, որոշ շրջան մը պիտի «խաղայ» քեմալական գաղափարախօսութեան խաղը:
Հո՛ս է, որ կը դրուի հարցը Թուրքիոյ հայութեան, նաեւ բնականաբար Հայ Դատին ապագային տեսանկիւնէն: Միամտութիւնը չունինք հաւատալու, որ Թուրքիոյ 60-70 հազար հայութիւնը կրնայ փոխել դէպքերու ընթացքը: Բայց ընկերային ցանցերու վրայ, համակարգիչներու պաստառներու ետին, համայն գաղութը մօտէն կը հետեւի, կարծիք կը յայտնէ, դիրք կը ճշդէ: Ան պէտք է որդեգրէ ճի՛շդ դիրքորոշում, գիտակցի՝ թէ որուն ջաղացքին ջուր կը կրէ:
Կը կարծենք, թէ հայու աչքով՝ «չարեաց փոքրագոյնը» տարազումը ամենէն պատշաճը պիտի ըլլար բնութագրելու համար Թուրքիոյ ներկայ վարչակարգը: Արդարեւ, անոր օրով է, որ սկսան փոխուիլ որոշ բաներ ի նպաստ Հայոց իրաւունքներուն՝ որպէս Թուրքիոյ «լիիրաւ քաղաքացի»ներ (թէեւ դեռ մղոննե՜ր հեռու ենք «լիիրաւ»էն), նաեւ թէկուզ չնչին չափերով՝ ինչքերու վերադարձի որոշ բարի կամք ցուցադրուեցաւ, եւլն.: Պիտի ըլլան վստահաբար առարկողներ ալ, ըսելով սակայն, թէ Հ. Տինքի եւ Ս. Պալըքճըի սպանութիւններն ալ զուգադիպեցան այս նոյն ժամանակաշրջանին: Ճիշդ է: Յամենայնդէպս, պէտք չէ միամիտ ըլլալ եւ պէտք է մնալ միշտ զգօն: Բայց, անցեալին բաղդատելով, ա՛յս է պարզուած պատկերը, ա՛յս է ճշմարտութիւնը:
Իսկ անդի՞ն: Քեմալականներու վերադարձի պարագային, կը կասկածինք որ շարունակուի համեմատաբար հայանպաստ այս ընթացքը: Մեծ խաբկանք պիտի ըլլայ «ժողովրդավար»ի պիտակը, զոր փակցուցած են իրենց ճակատներուն: Անոնք, հայոց եւ մանաւա՛նդ քիւրտերու նկատմամբ AKP-ականներու «տեղատւութիւններ»ը սրբագրելու միտումով, շատ աւելի թունդ՝ քեմալական քաղաքականութիւն պիտի վարեն, ի վնաս բոլոր փոքրամասնութիւններուն, ներառեալ մեզի՝ հայերուս:
Հետեւաբար, այս պայմաններուն մէջ է, որ Պոլսոյ հայութիւնը պէտք է ճշդէ խոհեմ դիրքորոշում, այսօրուան վէրքերու թողած սպիներու հաշուեյարդարէն ալ կարելի եղածին չափ անվնաս կարենալ դուրս գալու հեռատեսութեամբ:
Դեռ կայ՝ հասարակաց թշնամին ցոյց տուող նետին հայոց ուղղութեամբ դառնալու վտանգն ալ: Պատմութեան փաստերը չեն պակսիր այդ մասին: Հայ տարրը, ինչպէս եղած է անցեալին, այսօր ալ՝ Թուրքիոյ մէջ կը շարունակէ մնալ լաւագոյն քաւութեան նոխազը: Սովորական քաղաքացին նուազագոյն ջանքը թափելու կարիքն իսկ չունի հայուն անունը մտաբերելու համար, զայն «բացասական» որեւէ երեւոյթի առնչակից դարձնելու իր «հնարամտութեան» մէջ: Ներկայ իրադարձութիւններուն ալ, բացասական պարագաներու մէջ, հոս ու հոն լսուեցաւ հայուն անունը: Օրինակ, ընկերային ցանցերու վրայ կը շրջի գաղտնի նկարահանուած տեսահոլովակ մը, ուր կ՚երեւին ոստիկաններ, որոնք՝ շէնքի մը բարձր յարկերէն զիրենք այպանող բնակիչներուն կը հակադարձեն, հայհոյելու միտումով՝ «թուրք չէք, հայ էք դուք, հայ էք»: Նաեւ պէտք չէ մոռնալ վարչապետ Էրտողանի պահ մը՝ Իսրայէլի եւ հրեաներու պատասխանատւութիւնը մէջտեղ նետելու փորձը, որ ո՛վ գիտէ ի՛նչ պատճառներով, բաւական արագօրէն վերացաւ հրապարակէն:
Ամէն պարագայի, նոյնիսկ եթէ հաճելի չթուի նախատեսութիւնը, այնպէս կ՚երեւի, որ համայն աշխարհի կողմէ ժողովրդավարական պոռթկում նկատուած՝ բայց խորքին մէջ ազգայնական շարժումի մը բոլոր ստորոգելիները կրող Թուրքիոյ այս իրադարձութիւնները նպաստաւոր պիտի չըլլան Հայոց, ինչ որ ալ ըլլայ անոնց արդիւնքը: 

«Նոր Յառաջ», Յունիս 27, 2013

No comments:

Post a Comment