Հայաստանի որդեգրած դիրքորոշումը՝ ի դիմաց ազերի դատապարտուած մարդասպանին Հունգարիայէն Ատրպէյճանի վերադարձնելու եւ ներումի արժանանալու դիմաց, ոկը բացայայտէ միջազգային հանրութեան երկդիմի խաղերը՝ նիւթական շահերու (այսինքն՝ քարիւղի) եւ բարոյական պարտականութիւններու փոխյարաբերութեան մէջ։ Անշուշտ, դիւանագիտական պարտութեան մը յաջորդող անխուսափելի կեցուածք է պարզապէս (կը յիշեցնէ Թուրքիոյ դեսպանին ետ կանչուիլը երբ Ֆրանսայի ցեղասպանութեան օրինագիծը սկզբնապէս վաւերացուած էր 2011ին). կը մնայ բացատրելի, թէ ինչպէ՞ս կարելի եղած է հունգարական հաւաստիացումներուն հաւատք ընծայել՝ ատրպէյճանական խաղերուն դիմաց։ Ի դէպ, ակնկալելի է, որ նման դիրքորոշումներ միջազգային գետնի վրայ՝ խայտառակ ապօրինութեան մը դէմ յանդիման, իրենց յաճախակի արձագանգը ունենան ներքին ճակատի վրայ՝ նոյնքան խայտառակ ապօրինութիւններ կանխելու կամ անոնց հակազդելու բուն հայրենի հողին վրայ։