ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Քիչ առաջ աւելի քան 300 հոգի հաշուող երիտասարդներու խումբ մը,
Երեւանի Զաքեան փողոցին վրայ գտնուող Հունգարիոյ դեսպանատան առջեւ
կազմակերպած էր բողոքի ցոյց: Երիտասարդները բարձրացուցած էին 2004ի
Փետրուարի 14ին դաւադրաբար սպաննուած ՀՀ բանակի սպայ Գուրգէն Մարգարեանի նկարները: Գիտենք որ Մարգարեան այդ օրերուն կը գտնուէր
Հունգարիա, Եւրոպական Միութեան զինուորական գործակցութեան ծրագիրներէն մէկուն
առընթեր ծառայելու նպատակով: Սեւ թուական է այդ օրը հայոց համար: