ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
Երեւանի փոխքաղաքապետ Արամ Սուքիասեան Յունուար 29ին լրագրողներուն յայտարարած է, թէ քաղաքապետարանը կը ծրագրէ «Էրեբունի» արգելոց–թանգարանի բերդապարիսպի վերականգնումի աշխատանքներ իրականացնել՝ բարեկարգման եռամեայ ծրագրի ծիրին մէջ։ Կը ծրագրուի նաեւ «ստեղծել ամֆիթատրոն, որտեղ կը ներկայացուեն թանգարանի ցուցանմոյշները», ըսած է պաշտօնատարը, աւելցնելով, որ աշխատանքները պիտի սկսին այս տարի։ Պատասխանելով «Նովոստի-Արմենիա» գործակալութեան հարցումին, Ա. Սուքիասեան նշած է. «Եռամեայ նախագծի համար յատկացուել է 300 միլիոն դրամ։ Մենք միաժամանակ յոյս ունենք, որ ծրագրով կը հետաքրքրուեն տարբեր ներդրողներ եւ միջազգային կազմակերպութիւններ»։
Մօտաւորապէս 730.000 տոլարի
համարժէք այս գումարը քիչ մը աւելի է, քան քաղաքապետարանի ծախսած 200 միլիոն դրամը
(մօտաւորապէս 490.000 տոլար) 2013ի «Էրեբունի-Երեւան» տօնակատարութեան, երբ քաղաքի
հիմնադրութեան 2795ամեակը նշուած էր։ Վերջինս ալ հաւասար էր 2006-2013ին պետական
պիւտճէի յատկացուցած տարեկան գումարին՝ Հայաստանի յուշարձաններու պահպանման եւ
ամրակայման, որ 2014ին 235 միլիոն դրամի բարձրացած է։
Գիտութիւններու Ակադեմիայի 70ամեակի գիտաժողովին մասնակցելու նպատակով, Երեւան այցելեցի Հոկտեմբեր 10-24ին։ Այցելութիւնը զուգադիպեցաւ «Էրեբունի-Երեւան» ճոխ տօնահանդէսին, որ Հոկտեմբեր 11ի երեկոյեան սկսաւ «Էրեբունի» թանգարանին առջեւ եւ ամբողջ Հոկտեմբեր 12ին շարունակուեցաւ, գիշերային եզրափակիչ համերգով Հանրապետութեան հրապարակին մէջ։ Հրապարակին լուսաճաճանչ վիճակը եւ խուռներամ ժողովուրդը բնաւ չէին յիշեցներ Հոկտեմբեր 1992ի օրերը, «մութ ու զնտան» Երեւանի այն օրերը, երբ քաղաքին ծննդեան տօնին նշումը ոեւէ մէկուն մտքէն չէր անցներ, իսկ գիշերային ժամերուն հազիւ թէ ինքնաշարժ մը կը տեսնէիր փողոցները՝ որպէս խօսուն վկայութիւնը ուժանիւթէ զրկուած քաղաքին ու երկրին իրավիճակին։
Անցան այդ օրերը, եւ հիմա կը տեսնենք Երեւան մը, ուր գիշեր ու ցերեկ կրկնուող օտարաբանութիւնը՝ խօսակցութեան մէջ, ռուսերէն պրոպկա բառն է (խճողում), որ կը բնորոշէ քաղաքին վիճակը, մանաւանդ երեկոյեան ժամերուն։ Ամերիկեան rush hourը համեմատաբար նախանձելի ոչինչ ունի, ըստ մեր փորձառութեան, երեւանեան խճողումներուն։
Նպատակ դրած էի այցելել
քաղաքային երկու վայրեր, ուր, այս կամ այն պատճառով, առիթը չէի ունեցած ոտք
դնելու՝ տասը անգամ Հայաստան գտնուած ըլլալով հանդերձ։ Անոնցմէ մէկը «Էրեբունի»
թանգարանն էր։
Չորս անգամ (1989, 1996, 1998
եւ 2009) այցելած էի ուրարտական բերդը, բայց չորս անգամներուն թանգարանը փակ էր,
կա՛մ օրուան թէ ժամուան անյարմարութեան, կա՛մ վերականգնումի մէջ գտնուելու պատճառով։
Աշնանային գեղեցիկ Կիրակի մըն էր Հոկտեմբեր 20ը, երբ այցելեցի թանգարանը։ Զիս
կ՚ուղեկցէր երիտասարդ գրականագիտուհի մը։ Էրեբունիի թաղամասը երթալը փորձառութիւն
էր ինքնին, քանի որ նախորդ անգամներուն միշտ ինքնաշարժով գացած էի, իսկ այս անգամ երթուղային
թաքսիով գացինք։
Վայելք մըն էր այցելել 2750ամեակին
առիթով շինուած թանգարանը, որ կանոնաւոր ու կոկիկ տեսք մը ունի՝ վերականգնումի ու
լաւ պահպանումի շնորհիւ։ Կը սպասէի աւելի մեծ տարածութիւն եւ աւելի մեծ թիւով ցուցանմոյշներ
տեսնել, թէեւ գոհունակութեամբ պէտք է նշեմ, որ ծրագիր մը կայ (չեմ գիտեր, թէ
որքա՞ն ատենէ ի վեր) վարչական բաժինը թանգարանի շինուելիք երկրորդ մասնաշէնքը
փոխադրելու, տեղ բանալով աւելի ընդարձակ ցուցադրութեան գլխաւոր շէնքին։ Մաղթենք,
որ շուտով իրականանայ այդ ծրագիրը, որուն մանրամասնութիւնները ցուցադրանքին
առընթեր ներկայացուած են։
Ուղեկիցս, որ վերջին անգամ
անգամ Էրեբունի այցելած էր 11 տարի առաջ, առաջարկեց բերդ բարձրանալ։ Գիտէի, որ շատ
հրճուառիթ փաստի մը առջեւ պիտի չգտնուէի։ Ութը օր առաջ, քաղաքային կեդրոնը որոշ
պահերու հետեւած էի ժողովրդային խրախճանքին՝ երաժշտութեամբ ու հրավառութեամբ,
տեւաբար յիշելով, որ վերը, հոն ուր Երեւանի ծննդեան վկայականը արձանագրուած էր
(«Խալդեան մեծութեամբ Արգիշտի Մենուայորդին այս ամրոցը հոյակապ կառուցեց։
Հաստատեցի Էրեբունի անունը՝ Բիայնիլի (երկրի) անունը լուլուական (= բարբարոսական)
ցեղերու մէջ հաստատելու (համար)»), Էրեբունին իր երբեմնի փայլը չունէր։
Թանգարանէն դէպի բերդ տանող
ճանապարհը երեւանեան համայնապատկերի իւրայատուկ տեսարաններ կ՚ընծայէ, որոնք այդ
օր՝ համեմատաբար ամպոտ ըլլալով, իրենց ամբողջ փայլով չէին պարզուած մեր առջեւ։
Կէսօրուան ժամը քիչ մը անցած էր, եւ Մասիսը, բնականաբար, արդէն պահուըտուք կը
խաղար մեզի հետ։
1990ականներու վերջերուն ու 2009ին
արդէն նկատեր էի, որ Խալդիի տաճարի պատը թիրախը դարձած էր պիղծ ձեռքերու, որոնք
ինչ-ինչ գրառումներով «զարդարեր» էին գրեթէ երեք հազարամեայ հնութիւն ունեցող
կոթողը։ Բայց առիթը չէի ունեցած շրջագայելու բերդին ամբողջութիւնը, ինչ որ ըրինք
այս անգամ։
Ինչպէս չորս տարի առաջ,
պահակատեղի ու պահակ կային տաճարին մօտերը։ Սակայն, երբ որ ալ սկսած ըլլայ անոնց
ներկայութիւնը (չեմ յիշեր, թէ անոնք կայի՞ն 1989-1998ին), բաւարար չէր եղած կանխելու
ներքին սենեակներուն ամենատարբեր պատերուն վրայ հայերէն ու ռուսերէն զանազան
graffito-ներու արձանագրութիւնը։ Կ՚ենթադրենք, ամէն պարագայի, որ հսկողութիւնը
կանխած է յետագայ փորձերու իրագործումը։ Արդարեւ, շրջեցանք սենեակէ սենեակ՝
կիսելով մեր անզօր բարկութիւնը եւ փորձելով պարագրկել կատարուածին ահաւորութիւնը,
թէեւ վստահ չեմ, որ լուսանկարները ընթերցողին կրնան փոխանցել ամբողջութիւնը։
Ընկերակիցս, որ նաեւ ուսուցչուհի է, չափէն աւելի ցնցուած էր այս տեսարանէն։
Յաջորդ օրը այս նիւթին շուրջ
անդրադարձ մը ըրի գիտական բարձր պաշտօն վարող բարեկամ պատմաբանի մը հետ
խօսակցութեան ընթացքին։ Ան հաղորդեց ինծի, թէ տարիներ առաջ համագործակցած էին
պետական մարմիններու հետ այս աւերը դարմանելու համար, բայց կարելի չէր եղած
գործնական լուծումի մը յանգիլ։
Երբ հազիւ
թանգարանը կը մտնէք, ձեր դիմացի պատը կը տեսնէք 1968ին գրուած յիշատակարան-արձանագրութիւնը.
«Ի նշանաւորումն այս յոբելեանի մենք նորօրեայ երեւանցիներս որ կոչւում ենք հայ նորոգեցինք մեր նախնիների ձեռքով հրաշակերտած կառոյցները եւ ի պահպանումն նուիրական մասունքների հիմնարկեցինք սոյն թանգարանը։ Յարգանք մեր վաղնջական նախնեաց եւ մեր հաւատալիր ողջոյնը գալիք սերունդներին»։
Նոյեմբեր 2013ին, Երեւանի
երբեմնի գլխաւոր ճարտարապետ ու վերջերս Մայր Աթոռի գլխաւոր ճարտարապետ նշանակուած
Նարեկ Սարգսեանը, որուն անունը բազմիցս հոլովուած էր զանազան ճարտարապետական
յուշարձաններու պահպանման կապակցութեամբ, ոչ միշտ՝ դրական գնահատականներով, ճիշդ
կերպով նկատած էր «Ազատութիւն» ռատիոկայանի հետ զրոյցի ընթացքին, թէ Երեւանը չի
կարող «հետաքրքիր լինել, եթէ մի սերունդը գայ, նախորդ ժառանգութիւնը քանդի»։ 1968ին
կառոյց նորոգած ու թանգարան հիմնած նորօրեայ երեւանցիները իրենց ողջոյնը դժուար թէ
յղած ըլլան Էրեբունիի պատերը աւերող ստահակներու «սերունդ»ին, որոնք իրենց
յանցագործութեամբ հաւանաբար ոչ թէ դատարան, այլ ուղղակի բանտ առաջնորդուած
կ՚ըլլային այլ երկրի մը մէջ։
Մարդ կը մղուի հարցնելու, թէ
այս նոյն «հայրենասէրները» նմանօրինակ սրիկայութիւններ պիտի գործէի՞ն, օրինակ,
Վատիկանի, Վերսայլի կամ Պարթենոնի մէջ։ Արդեօք «մերը ուրիշ է» ըսելը կամ
ուռա-հայրենասիրական պոռչտուքներ տարածելը բաւարա՞ր են ամէն ինչ արդարացնելու։ Հայաստանի
երկնքի տակ բաց թանգարան ըլլալու շեփորումը աշխարհի չորս ծագերուն չի նշանակեր, որ
իրաւունք ունինք այդ թանգարանային հարստութիւնը կողոպտելու կամ աւերումի
ենթարկելու։ Հայ բանաստեղծը չէ՞, որ գրած է. «Ու հնամեայ քաղաքների հազարամեայ
քա՛րն եմ սիրում»։ Կա՞մ սկսած ենք դանդաղօրէն հասնիլ Վարագայ վանքը կամ Ջուղայի
խաչքարերը կործանողներու բարձր մակարդակին...։
Գործին ամենէն անտեղեակ մարդը
գիտէ, որ 2800 տարուան պատի մը վրայ վրձինի մէկ հարուածով գրուածը վրձինի ուրիշ
հարուածով չի սրբուիր։ Չենք կարծեր, որ Հայաստանի բոլոր մշակութային յուշարձանները պահպանելու համար տրամադրուող
տարեկան 570.000 տոլարի գումարը բաւարար ըլլայ Էրեբունիի ողբերգութեան դարմանումին
սկսելու նոյնիսկ, եթէ անշուշտ
կարելի է դարմանել։
Բայց արդեօք ժամանակը չէ՞ լուծումի
մը ձեռնարկելու։
Ի վերջոյ, ի՞նչ խղճով կարելի
պիտի ըլլայ տօնել Երեւանի 2800ամեակը, որ պիտի զուգադիպի Հայաստանի Հանրապետութեան
100ամեակին, եթէ Էրեբունիի բերդի հայ թէ օտար այցելուն պիտի շարունակէ դէմ
յանդիման գալ մարդկային անխղճութեան նման օրինակներու։
Համազգային ամօթի՛ պատերու։
«Նոր Յառաջ», Ապրիլ 12, 2014
«Նոր Յառաջ», Ապրիլ 12, 2014
No comments:
Post a Comment