ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի կազմակերպած եւ Հայաստանի
Ա. Հանրապետութեան հարիւրամեակին նուիրուած երկօրեայ գիտաժողովին, որ պիտի
կայանայ Մայիս 5-6ին, ներկաները առիթը պիտի ունենան ծանօթանալու, ի շարս այլոց, պատմաբաններ Ամատունի Վիրապեանի, Վարդան Մատթէոսեանի եւ Ստեփան Աստուրեանի
ուսումնասիրութիւնները։
Blog for informed opinions / Կայքագիր իրազեկ կարծիքներու համար / Blog para opiniones informadas
Showing posts with label Ամատունի Վիրաբեան. Show all posts
Showing posts with label Ամատունի Վիրաբեան. Show all posts
16.3.18
24.1.18
Հայաստանի Ազգային Արխիւը հանրապետութեան 100-ամեակին նուիրուած չորս հատոր պիտի հրատարակէ
Հայաստանի Ազգային Արխիւը Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան անկախութեան
հռչակման եւ Մայիսեան հերոսամարտերու 100ամեակին առթիւ չորս աշխատութիւն պիտի
հրատարակէ: «Արմէնփրէս»ի մամուլի սրահին մէջ հրաւիրուած ասուլիսին ընթացքին, Ազգային Արխիւի տնօրէն Ամատունի Վիրաբեանը յայտնեց, թէ առաջին
աշխատութիւնը հանրագիտարանի տեսքով պիտի ըլլայ:
16.6.17
Թիւրիմացութիւններու առաջքը առնելու համար. նիւթը Հ.Յ.Դ. արխիւն Է
ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
Օրեր առաջ, Երեքշաբթի, 6 Յունիսին, Հայաստանի պետական արխիւի տնօրէն
Ամատունի Վիրաբեան մամլոյ ասուլիս մը տուած է, որուն մէկ հատուածը
տեղադրուած է «Հայելի» լրատու կայքին մէջ:
Ամատունի Վիրաբեան անդրադարձած է արխիւային խնդիրներու, Սփիւռքի զանազան
վայրերու կամ հաստատութիւններու մէջ պահ դրուած արխիւներուն, ներառեալ`
Հ.Յ.Դ. արխիւին, Պոսթըն:
Ան կ’ըսէ, թէ «տխուր իրավիճակ» կայ Սփիւռքի մէջ գոյութիւն ունեցող
արխիւներուն պարագային, որովհետեւ հոն աշխատողներ չկան: «Օրինակ, Պոսթընի
(այսինքն Հ.Յ.Դ.-ի- Վ.Բ.) արխիւը, իրենց բառով ըսած` փակ է, գոցուած է,
բանալիով փակ է. աշխատող չունեն: Երուանդ Փամպուքեանն էր վերջին աշխատողը,
որ արդէն 84 տարեկան է… տարին երկու ամիս գնում է էնտեղ, իրեն ինչ-որ
պատրաստում է, ընտրում է հրատարակելու, նորից…», ապա կ’անցնի Երուսաղէմի
(պատրիարքարանի) ու այլ վայրերու արխիւներուն:
9.7.15
Հայաստանի Ազգային Արխիւը պիտի հրատարակէ «Հայ Եկեղեցւոյ կալուածները Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ» երկլեզու աշխատութիւնը
Հայաստանի Ազգային Արխիւը յառաջիկայ աշնան պիտի հրատարակէ «Հայ Եկեղեցւոյ կալուածները Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ» օսմաներէն եւ հայերէն աշխատութիւնը։ Յուլիս 7ին Երեւանի մէջ մամլոյ ասուլիս մը սարքեց Հայաստանի Ազգային Արխիւի տնօրէն Ամատունի Վիրաբեան, որ իր յայտարարութիւններուն մէջ անդրադարձաւ այս երկլեզու ծրագրին։ Ա. Վիրաբեանի բացատրութեամբ, սոյն աշխատութեան մէջ ամփոփուած են Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, Երուսաղէմի Պատրիարքութեան եւ Պոլսոյ Պատրիարքութեան պատկանող ու Թուրքիոյ տարածքէն ներս գտնուող կալուածներու իրաւական փաստաթուղթերը։ Արխիւի տնօրէնը նշեց, թէ աշխատութիւնը ապագային պիտի թարգմանուի նաեւ անգլերէնի։ «Կան նաեւ սեփականութեան վկայականներ, որոնք ժամանակին տրուած են Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ եկեղեցական հողերու եւ կալուածներու համար», ըսաւ Ամատունի Վիրաբեան։
Այս բացատրութիւններուն զուգահեռ, Վիրաբեան ընդգծեց փաստաթուղթերու հրատարակման արդիականութիւնը՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաջնորդութեամբ Թուրքիոյ Սահմանադրական Ատեան ներկայացուած դիմումի համագրին մէջ։ Ծանօթ է, որ այդ դատական դիմումով կը պահանջուի Սիսի երբեմնի կաթողիկոսարանի սեփականութեան իրաւունքին վերադարձը։
Ամատունի Վիրաբեան մամլոյ ասուլիսի ընթացքին տեղեկացուց, որ կը շարունակուի արխիւային փաստաթուղթերու թուայնացման գործընթացը։ 2010 թուականէն ի վեր կը տարուի այս աշխատանքը, իսկ այս տարի թուայնացուած է շուրջ 100 հազար փաստաթուղթ։ Ընդհանուր առմամբ՝ ցայսօր 1 միլիոն փաստաթուղթ թուայնացուած է։ Իսկ Հայաստանի արխիւին մօտ ի պահ դրուած նիւթերուն քանակութիւնը կը հասնի շուրջ 350 միլիոնի։ Վիրաբեան դիտել տուաւ, որ առաջնահերթ ուշադրութիւն կ՚ընծայուի այն փաստաթուղթերուն նկատմամբ, որոնք մեծ հետաքրքրութեան առարկայ կը դառնան։ Անոնց շարքին կը գտնուին մարդահամարներու տուեալները, մարդոց ծագման, տոհմածառերու մասին նիւթերը, եկեղեցւոյ չափաբերական մատեանները՝ ծնունդ, կնունք։
Նկատի ունենալով, որ յառաջիկայ Սեպտեմբերին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի պիտի ունենայ Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան արարողութիւնը՝ Հայաստանի Ազգային Արխիւը նոյն շարժառիթով պիտի հրապարակէ նաեւ իր մօտ գտնուող բոլոր փաստաթուղթերը, որոնք կը վերաբերին հայոց եկեղեցւոյ այդ գլխաւոր արարողութեան։
ԱՎիրաբեան մատնանշեց, որ այսօր առաւել հետաքրքրութեան առարկայ դարձած նիւթերը ո՛չ քաղաքական բնոյթ ունին, ո՛չ ալ միջազգային փաստաթուղթեր են։ Ըստ իրեն, Ազգային Արխիւէն մարդիկ այսօր ամենէն շատ կը հետաքրքրուին իրենց տոհմածառին հետ։ «Անոնք մարդոց ծագման, տոհմածառի վերաբերեալ փաստաթուղթերն են։ Այսինքն, եթէ կը հետաքրքրուի, թէ ո՛վ եղած է իր մեծ մեծ մեծ հայրը, փաստաթուղթերու միջոցաւ կրնայ ճշդել», ըսաւ ան եւ աւելցուց, թէ այս ուղղութեամբ ապացոյց կը դառնան մարդահամարներու տուեալները, որոնք 1817 թուականէն սկսեալ Հայաստանի մէջ պարբերաբար իրականացուած են ռուսական իշխանութիւններուն կողմէ, յետոյ՝ խորհրդային իշխանութիւններու տարիներուն եւ ներկայացուած են երկրի տարածքին, նաեւ Արցախի մէջ ապրած մարդոց տուեալները։ Ամատունի Վիրաբեան աւելցուց, թէ տուեալները դուրս կը բերուին նաեւ եկեղեցւոյ չափաբերական մատեաններէն, ուր արձանագրուած են մարդոց կեցութեան մասին փաստեր՝ ծնունդ, կնունք, ամուսնութիւն, մահ եւայլն։ Ի դէպ, տնօրէնը մատնանշեց, թէ ըստ էութեան կնունքը արձանագրուած է, այն ժամանակ, երբ երախան կնքած են՝ մինչեւ քառասուն օրուան դառնալը։
Ամատունի Վիրաբեան ընդգծեց, որ վերջ ի վերջոյ քաղաքական պատմութիւնները կը փոխուին, իշխանութիւններ կու գան կ՚անցնին, բայց մարդոց պատմութիւնը կը մնայ նոյնը, թերեւս միայն կը կորսնցնեն տոհմական տիտղոսները։ «Հիմա կը դիմեն, որպէսզի վերականգնեն, օրինակ, Տէր կամ Մելիք տիտղոսները», ըսաւ ան։

«Ժամանակ», 9 Յուլիս 2015
2.9.14
«Փակ արխիւներ չկան. պէտք է աշխատել»
ՅԱՍՄԻԿ ՊՕՂՈՍԵԱՆ
Հայոց
ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցին շատ քիչ ժամանակ է մնացել: Եւ
Թուրքիան 2015թ.-ին պատրաստւում է ամենայն լրջութեամբ` առաջ տանելու իր
ժխտողական քաղաքականութիւնը: Իսկ թէ ի՞նչ աշխատանքներ են կատարւում
Հայաստանում, ինչպէ՞ս ենք մենք ինքներս նախապատրաստւում Հայոց Մեծ Եղեռնի
տարելիցը արժանապատուօրէն նշանաւորելու, այս մասին է Յասմիկ Պօղոսեանի
հարցազրոյցը Հայաստանի Ազգային Արխիւի տնօրէն, պատմական գիտութիւնների
դոկտոր Ամատունի Վիրաբեանի հետ:
2.12.12
Նոր եռահատորեակ՝ ցեղասպանութեան վաւերագրերով
ԻՆԳԱ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
Հայաստանի Ազգային Արխիւը հրատարակել է «Հայոց ցեղասպանութիւնը Օսմանեան Թուրքիայում: Վերապրածների վկայութիւններ» փաստաթղթերի եռահատոր ժողովածուն: Եռահատորեակի գլխաւոր խմբագիրը, հեղինակն ու կազմողը պատմական գիտութիւնների դոկտոր, Հայաստանի Ազգային Արխիւի տնօրէն Ամատունի Վիրաբեանն է:
Subscribe to:
Posts (Atom)