Հայաստանի Ազգային Արխիւը յառաջիկայ աշնան պիտի հրատարակէ «Հայ Եկեղեցւոյ կալուածները Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ» օսմաներէն եւ հայերէն աշխատութիւնը։ Յուլիս 7ին Երեւանի մէջ մամլոյ ասուլիս մը սարքեց Հայաստանի Ազգային Արխիւի տնօրէն Ամատունի Վիրաբեան, որ իր յայտարարութիւններուն մէջ անդրադարձաւ այս երկլեզու ծրագրին։ Ա. Վիրաբեանի բացատրութեամբ, սոյն աշխատութեան մէջ ամփոփուած են Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, Երուսաղէմի Պատրիարքութեան եւ Պոլսոյ Պատրիարքութեան պատկանող ու Թուրքիոյ տարածքէն ներս գտնուող կալուածներու իրաւական փաստաթուղթերը։ Արխիւի տնօրէնը նշեց, թէ աշխատութիւնը ապագային պիտի թարգմանուի նաեւ անգլերէնի։ «Կան նաեւ սեփականութեան վկայականներ, որոնք ժամանակին տրուած են Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ եկեղեցական հողերու եւ կալուածներու համար», ըսաւ Ամատունի Վիրաբեան։
Այս բացատրութիւններուն զուգահեռ, Վիրաբեան ընդգծեց փաստաթուղթերու հրատարակման արդիականութիւնը՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաջնորդութեամբ Թուրքիոյ Սահմանադրական Ատեան ներկայացուած դիմումի համագրին մէջ։ Ծանօթ է, որ այդ դատական դիմումով կը պահանջուի Սիսի երբեմնի կաթողիկոսարանի սեփականութեան իրաւունքին վերադարձը։
Ամատունի Վիրաբեան մամլոյ ասուլիսի ընթացքին տեղեկացուց, որ կը շարունակուի արխիւային փաստաթուղթերու թուայնացման գործընթացը։ 2010 թուականէն ի վեր կը տարուի այս աշխատանքը, իսկ այս տարի թուայնացուած է շուրջ 100 հազար փաստաթուղթ։ Ընդհանուր առմամբ՝ ցայսօր 1 միլիոն փաստաթուղթ թուայնացուած է։ Իսկ Հայաստանի արխիւին մօտ ի պահ դրուած նիւթերուն քանակութիւնը կը հասնի շուրջ 350 միլիոնի։ Վիրաբեան դիտել տուաւ, որ առաջնահերթ ուշադրութիւն կ՚ընծայուի այն փաստաթուղթերուն նկատմամբ, որոնք մեծ հետաքրքրութեան առարկայ կը դառնան։ Անոնց շարքին կը գտնուին մարդահամարներու տուեալները, մարդոց ծագման, տոհմածառերու մասին նիւթերը, եկեղեցւոյ չափաբերական մատեանները՝ ծնունդ, կնունք։
Նկատի ունենալով, որ յառաջիկայ Սեպտեմբերին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի պիտի ունենայ Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան արարողութիւնը՝ Հայաստանի Ազգային Արխիւը նոյն շարժառիթով պիտի հրապարակէ նաեւ իր մօտ գտնուող բոլոր փաստաթուղթերը, որոնք կը վերաբերին հայոց եկեղեցւոյ այդ գլխաւոր արարողութեան։
ԱՎիրաբեան մատնանշեց, որ այսօր առաւել հետաքրքրութեան առարկայ դարձած նիւթերը ո՛չ քաղաքական բնոյթ ունին, ո՛չ ալ միջազգային փաստաթուղթեր են։ Ըստ իրեն, Ազգային Արխիւէն մարդիկ այսօր ամենէն շատ կը հետաքրքրուին իրենց տոհմածառին հետ։ «Անոնք մարդոց ծագման, տոհմածառի վերաբերեալ փաստաթուղթերն են։ Այսինքն, եթէ կը հետաքրքրուի, թէ ո՛վ եղած է իր մեծ մեծ մեծ հայրը, փաստաթուղթերու միջոցաւ կրնայ ճշդել», ըսաւ ան եւ աւելցուց, թէ այս ուղղութեամբ ապացոյց կը դառնան մարդահամարներու տուեալները, որոնք 1817 թուականէն սկսեալ Հայաստանի մէջ պարբերաբար իրականացուած են ռուսական իշխանութիւններուն կողմէ, յետոյ՝ խորհրդային իշխանութիւններու տարիներուն եւ ներկայացուած են երկրի տարածքին, նաեւ Արցախի մէջ ապրած մարդոց տուեալները։ Ամատունի Վիրաբեան աւելցուց, թէ տուեալները դուրս կը բերուին նաեւ եկեղեցւոյ չափաբերական մատեաններէն, ուր արձանագրուած են մարդոց կեցութեան մասին փաստեր՝ ծնունդ, կնունք, ամուսնութիւն, մահ եւայլն։ Ի դէպ, տնօրէնը մատնանշեց, թէ ըստ էութեան կնունքը արձանագրուած է, այն ժամանակ, երբ երախան կնքած են՝ մինչեւ քառասուն օրուան դառնալը։
Ամատունի Վիրաբեան ընդգծեց, որ վերջ ի վերջոյ քաղաքական պատմութիւնները կը փոխուին, իշխանութիւններ կու գան կ՚անցնին, բայց մարդոց պատմութիւնը կը մնայ նոյնը, թերեւս միայն կը կորսնցնեն տոհմական տիտղոսները։ «Հիմա կը դիմեն, որպէսզի վերականգնեն, օրինակ, Տէր կամ Մելիք տիտղոսները», ըսաւ ան։

«Ժամանակ», 9 Յուլիս 2015
No comments:
Post a Comment