ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի կազմակերպած եւ Հայաստանի
Ա. Հանրապետութեան հարիւրամեակին նուիրուած երկօրեայ գիտաժողովին, որ պիտի
կայանայ Մայիս 5-6ին, ներկաները առիթը պիտի ունենան ծանօթանալու, ի շարս այլոց, պատմաբաններ Ամատունի Վիրապեանի, Վարդան Մատթէոսեանի եւ Ստեփան Աստուրեանի
ուսումնասիրութիւնները։
Գիտաժողովը կ՚իրականանայ Գալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի
Նորթրիճի մասնաճիւղին (CSUN) մէջ գործող հայագիտական բաժինին հետ
համագործակցաբար։
«Հայկական պետականութեան վերականգնում՝ իրագործումներ եւ անդրադարձներ»
բնաբանով սոյն խորհրդաժողովը առիթ պիտի հանդիսանայ քննարկելու Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ունեցած յատկանշական դերը հայ ժողովուրդի
պատմութեան մէջ, մասնակցութեամբ աշխարհի տարբեր երկիրներէ պատմաբաններու եւ
մասնագէտներու:
Դոկտ. Ամատունի Վիրապեան Հայաստանի Ազգային Արխիւի տնօրէնն է եւ
պատմութեան իր ուսումը ստացած է Վանաձորի պետական համալսարանին մէջ։ Ան հեղինակ է
աւելի քան 50 գործերու, որոնց շարքին են նաեւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան
առնչուող հատորներ։ 2004էն ի վեր, ան Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիայի խորհրդակցական մարմինի անդամ եղած է, իսկ 2007էն ի վեր՝ Մատենադարանի խորհրդակցական մարմինին։ Ան պիտի բանախօսէ
Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ընկերա-տնտեսական իրավիճակին մասին՝ քննարկելով Համաշխարհային Ա. պատերազմին, ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած
եւ Հայաստան ապաստանած գաղթականներուն ունեցած փորձառութիւնները։ Այս
պայմաններուն ստեղծած տնտեսական ճգնաժամին իբրեւ հետեւանք, մօտաւորապէս
180,000 քաղաքացիներ սովամահ եղան, իսկ պետութիւնը՝ պարտադրուած,
հացի պետական մենաշնորհ հաստատեց՝ կացութիւնը հակակշռելու նպատակով։
Տնտեսութիւնը բարեկարգելու ջանքերը խեղդուեցան հայ-թրքական պատերազմին եւ
խորհրդայնացման հետեւանքով։
Դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան Նիւ Եորք Ազգային Ուսումնական Խորհուրդի գործադիր տնօրէնն է։ Ան պատմութեան իր դոկտորան ստացած է Հայաստանի
Գիտութիւններու Ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկէն ու հեղինակած է բազմաթիւ յօդուածներ, թարգմանութիւններ, գրախօսականներ՝ հայերէնով,
սպաներէնով եւ անգլերէնով, ինչպէս նաեւ վեց հատորներ, որոնցմէ մէկը Կոստան
Զարեանի կենսագրութիւնն է։ Ան պիտի ներկայացնէ «Լեռնէն լիճ. Հանրապետութեան
նաւերը եւ Կոստան Զարեան» նիւթը, որ նուիրուած է Հայաստանի Ա.
Հանրապետութեան «ծովուժ»ին, որուն միակ մարտանաւը Սեւանայ լիճին վրայ
տեղադրուած «Աշոտ Երկաթ»ն էր։ Ան նաեւ ունէր «Գեղանոյշ»
նաւը, որ Ռուսիոյ կողմէ լքուած էր Նախիջեւանի մէջ, եւ որուն Սեւանայ լիճ
փոխադրութեան պատմութիւնը նիւթը դարձած է Հանրապետութեան առնչուող
հազուագիւտ վէպերէն մէկուն՝ Զարեանի «Նաւը լերան վրայ» հատորին։
Դոկտ. Ստեփան Աստուրեան Գալիֆորնիոյ համալսարանի Պըրքլիի մասնաճիւղին
մէջ գործող Ուիլեըմ Սարոյեանի անուան հայագիտական ամպիոնի վարիչն է,
ինչպէս նաեւ դասախօս՝ նոյն համալսարանի պատմութեան բաժանմունքին մէջ։ Ան
անդամ է շարք մը ուսումնասիրական կեդրոններու եւ հիմնարկներու վարչութեանց,
ներառեալ նշեալ համալսարանի՝ Սլաւական, Արեւելեան Եւրոպայի եւ Եւրասիական
ուսմանց հիմնարկին։ Ան շարք մը ուսումնասիրութիւններ հրատարակած է՝ հայոց,
օսմանեան, ատրպէյճանական եւ յետ-խորհրդային կովկասեան քաղաքականութեան
մասին։ Ան գիտաժողովին պիտի ներկայացնէ «Ակնարկ Հայաստանի Ա.
Հանրապետութեան ծնունդին, զարգացման եւ յաջորդող տարիներուն վրայ», եւ պիտի
կեդրոնանայ Հանրապետութեան նկատմամբ հայ պատմագիտութեան տարբեր
յատկանիշներուն եւ մօտեցումներուն վրայ, շեշտելով յատկապէս հայութեան
երկարամեայ անկախութեան տենչը, օտար ուժերու «դաւաճանական»
միջամտութիւնները, սխալներէն սորվելու հայկական կողմին անկարողութիւնը եւ
պատասխանատուութիւն ստանձնելու չկամութիւնը։
Գիտաժողովին հովանաւորութիւնը ստանձնած են տէր եւ տիկին
Հէրի եւ Շերըլ Նաճարեաններ։ Ան տեղի պիտի ունենայ CSUN-ի «Plaza Del
Sol» սրահին մէջ, որուն հասցէն է՝ 18111 Nordhoff St., Northridge, CA
91330։
Մուտքը ազատ է: Յաւելալ տեղեկութեանց համար, այցելել the1strepublic.org կայքը։
No comments:
Post a Comment