ՊԷՅՐՈՒԹ.- Հայկազեան համալսարանի տնօրէնութեան եւ հայագիտական ամպիոնի հրաւէրով Չորեքշաբթի, 22 Յունիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Հայկազեան
համալսարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը` «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ի ԼԱ. հատորի լոյս ընծայման առիթով:
Blog for informed opinions / Կայքագիր իրազեկ կարծիքներու համար / Blog para opiniones informadas
27.6.11
Հանդիպում՝ գրականագէտ եւ պատմաբան դոկտ. Վարդան Մատթէոսեանի հետ
ՊԷՅՐՈՒԹ.- Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ Գրողներու Համախմբումին, երէկ` Հինգշաբթի,
23 Յունիս 2011-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Կամար» պարբերաթերթի
խմբագրատան մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում գրականագէտ եւ պատմաբան դոկտ.
Վարդան Մատթէոսեանին հետ` ներկայութեամբ գրողներու եւ գրասէրներու:
Դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան այցելեց «Ազդակ»
ՊԷՅՐՈՒԹ.- Երէկ «Ազդակ» այցելեց եւ տնօրէնութեան հետ հանդիպում ունեցաւ արժանթինահայ բանասէր եւ պատմաբան դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան:
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ խօսելու արժանթինահայ գաղութին դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, հայկական դպրոցներու պարզած վիճակին եւ ընդհանրապէս սփիիւռքահայ կեանքի ներկայ անցուդարձերուն մասին:
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ խօսելու արժանթինահայ գաղութին դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, հայկական դպրոցներու պարզած վիճակին եւ ընդհանրապէս սփիիւռքահայ կեանքի ներկայ անցուդարձերուն մասին:
«Ազդակ», Յունիս 11, 2011
Պատմաբան-բանասէր Դոկտ. Վարդան Մատթէոսեանի այցելութիւնը «Զարթօնք»ի խմբագրատուն
ՊԷՅՐՈՒԹ.- Երեքշաբթի (Յունիս 7) յետմիջօրէին, խմբագրատանս մէջ ընդունեցինք այցելութիւնը Միացեալ Նահանգներէն ժամանած պատմա-բանասէր դոկտ. Վարդան Մատթէոսեանին, ընկերակցութեամբ Հայկազեան Համալսարանի աշխատակից, բանասէր դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանի։
Արժանթինի հայկական դպրոցներուն իրավիճակին մասին
ՊԷՅՐՈՒԹ.- Կազմակերպութեամբ «Հայկազեան» համալսարանին, երէկ` Չորեքշաբթի, 8 Յունիս
2011-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Հայկազեան» համալսարանի հանդիսասրահին մէջ
տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն մը, որուն նիւթն էր «Հայկական դպրոցները
Արժանթինի մէջ երէկ եւ այսօր»: Օրուան դասախօսն էր պատմաբան-բանասէր Վարդան
Մատթէոսեան:
2.6.11
Արտերկրի անփառունակ վերադարձը դէպի Սփիւռք
ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
«Ազդակ» օրաթերթի Մայիս 17ի [2011] թիւին մէջ լոյս տեսած է Միհրան Քիւրտօղլեանի շահեկան գրութիւնը երկու խնդրայարոյց բառերու մասին (մէկը՝ հնօրեայ «Սփիւռք»ը, միւսը՝ նորօրեայ «Արտերկիր»ը), որ իր եզրափակիչ պարբերութեան մէջ արդարացիօրէն կը հայցէ. «”Արտերկիր”էն հրաժարելու եւ “սփիւռք”ին կառչած մնալու կոչ մը թող նկատուի այս նշմարը»:
The New York Times Goes to Baku...
Vartan Matiossian
Subscribe to:
Posts (Atom)