27.6.11

Արժանթինի հայկական դպրոցներուն իրավիճակին մասին

ՊԷՅՐՈՒԹ.- Կազմակերպութեամբ «Հայկազեան» համալսարանին, երէկ` Չորեքշաբթի, 8 Յունիս 2011-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Հայկազեան» համալսարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն մը, որուն նիւթն էր «Հայկական դպրոցները Արժանթինի մէջ երէկ եւ այսօր»: Օրուան դասախօսն էր պատմաբան-բանասէր Վարդան Մատթէոսեան:
Ձեռնարկին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Անդրանիկ Տագէսեան, որ հակիրճ կէտերու մէջ ներկայացուց օրուան զեկուցաբերին կրթական, ուսումնասիրական եւ հրատարակչական ու թարգմանչական աշխատանքները: Անդրանիկ Տագէսեան ըսաւ, որ Մատթէոսեան 1980-էն ի վեր կ՛աշխատակցի սփիւռքահայ մամուլին եւ լոյս ընծայած է շարք մը հատորներ:
Ապա խօսք առաւ օրուան դասախօս Վարդան Մատթէոսեան, որ «Փաուըր Փոյնթ»ի ընկերակցութեամբ ներկայացուց Արժանթինի դպրոցներուն իրավիճակը: Ան ըսաւ, որ 1926-ին Արժանթինի մէջ սկսած են գործել կիսաժամ ամէնօրեայ դպրոցները, որոնց աշակերտները այլ դպրոցներու մէջ պետական ծրագիրներուն հետեւելէ ետք, հայկական դպրոցներուն մէջ կը սորվէին հայերէնն ու հայոց պատմութիւնը: Ան հաստատեց, որ մինչեւ 1956 Արժանթինի մէջ ստեղծուած էին 34 կիսաժամ ամէնօրեայ դպրոցներ, երբ 1956-ին հիմնուեցան լիաժամ ամէնօրեայ ութ դպրոցներ:
Վարդան Մատթէոսեան նշեց, որ մինչեւ այսօր գործող հնագոյն դպրոցը «Արծրունի»ն է, որ հիմնուած է 1928 թուականին: Խօսելով հայկական դպրոցներուն դիմագրաւած տագնապներուն մասին, Մատթէոսեան ըսաւ, որ այդտեղ առկայ են լեզուի ու դասագիրքերու խնդիրները, մասնագէտ ուսուցիչներու բացակայութեան հարցը, աշակերտներու թիւին նահանջը եւ տնտեսական դժուարութիւնները, որոնց պատճառով ալ դպրոցներուն մէջ կ՛ընդունուին օտար աշակերտներ:
Մատթէոսեան նշեց, որ համայնքը իր դիմագիծը պահած է շնորհիւ դպրոցներուն եւ առանց դպրոցի արժանթինահայ գաղութը չի կրնար գոյութիւն ունենալ: Վարդան Մատթէոսեան մտահոգութիւն յայտնեց, որ ներկայիս հայերէնը կը դասաւանդուի իբրեւ օտար լեզու եւ ոչ թէ իբրեւ մայրենի լեզու:
«Ազդակ», Յունիս 9, 2011

No comments:

Post a Comment