2.6.11

Արտերկրի անփառունակ վերադարձը դէպի Սփիւռք

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
 
«Ազդակ» օրաթերթի Մայիս 17ի [2011] թիւին մէջ լոյս տեսած է Միհրան Քիւրտօղլեանի շահեկան գրութիւնը երկու խնդրայարոյց բառերու մասին (մէկը՝ հնօրեայ «Սփիւռք»ը, միւսը՝ նորօրեայ «Արտերկիր»ը), որ իր եզրափակիչ պարբերութեան մէջ արդարացիօրէն կը հայցէ. «Արտերկիրէն հրաժարելու եւ “սփիւռքին կառչած մնալու կոչ մը թող նկատուի այս նշմարը»:

Ամբողջովին բաժնելով այս «հրաժարիմք ի սատանայէ»ին միտք բանին, անոր ընթերցումը մեր յիշողութեան ծալքերը անթեղուած որոշ կայծեր բռնկեցուց, զորս կ՚արժէ բոցավառել՝ ի պէտս ընթերցողաց ու զարգացելոց։
Եթէ բացառենք ԺԲ. դարուն Ներսէս Շնորհալիի «Թուղթ ընդհանրական»էն եկող առաջին գործածութիւնը, «Սփիւռք» բառի մերօրեայ կիրարկումը, ըստ մեր պարզաբանումին, կը թուի սկսած ըլլալ «Սիոն«ի Փետրուար 1930ի թիւին մէջ։ Այնուհետեւ ուրիշ բառերու հետ մրցակցած է, բայց, ըստ Խաչիկ Թէօլէօլեանի, «Սփիւռք»ը համանուն շաբաթաթերթի հիմնադրութենէն (1959) ասդին արդէն տիրական ներկայութիւն դարձած է ամէնօրեայ բառապաշարին մէջ։ Բառի զարգացումն ու գործածութեան հոլովոյթը առանձին  ուսումնասիրութեան նիւթ է։
Սփիւռքահայութեան կազմաւորման «տիտանեան ճիգեր»ուն ու «Սփիւռք» բառի մարմին ստանալու ուրուանկարը գծելէ ետք, Մ. Քիւրտօղլեան տեղին կերպով կը մատնանշէ. «Եւ հիմա, հետզհետէ եւ անզգալաբար  նուիրագործուողարտերկիրուարտերկրի հայութիւնարտայայտութիւնը ե՛ւ Հայաստանի մէջ, ե՛ւ սփիւռքի տարածքին, առանց անդրադառնալու (կը յուսամ), որ ԱՆԳՈՅՆ ու ԱՆԲՈՎԱՆԴԱԿ  այդ բառերը ոչ մէկ արձագանգ կը բերեն մեզի, մինչդեռսփիւռքեւսփիւռքահայութիւնբացատրութիւնը տարիներու իր հոլովոյթով ու իրագործումներով բիւրեղացուցած է մէկ ու ամբողջական, կազմակերպուած ու միաւորուած ըլլալու  ընկալումը» (գլխագրումը մերն է. Վ.Մ.):
Այստեղ պիտի չանդրադառնանք «մէկ ու ամբողջական, կազմակերպուած ու միաւորուած» Սփիւռքի մը առասպելականացած ընկալումին, որուն մասին բազմաթիւ առիթներով արտայայտուած ենք, իսկ մեզմէ աւելի ձեռնհաս գրիչներ հիմնաւոր առարկութիւններ ներկայացուցած են։ Եթէ այդ ընկալումը իրականութեան համապատասխանէր, կասկածէ դուրս է, որ սփիւռքահայ պատմութիւնն ու ներկան ուրիշ ընթացք կ՚ունենային։
Քիւրտօղլեան կը յիշեցնէ կարեւոր այն ճշմարտութիւնը, թէ բառերը կը ներգործեն մեր հոգեբանութեան վրայ եւ թէ յաճախ քաղաքական գործիչները, կուսակցութիւնները կամ կազմակերպութիւնները խորհրդատուութեան կը դիմեն՝ այս կամ այն նշանախօսքով իրենց արտայայտելիք գաղափարին լաւագոյն բանաձեւումը գտնելու համար։  Երբ 1910ին Է. Ակնունի «Դէպի Երկիր» նշանախօսքը հրապարակ կը նետէր՝ որեւէ հոգեբանի կամ շուկայագէտի խորհուրդին դիմելու կարիքը չունէր։ (Նման բաներ մեր ներկայ հասկացողութեամբ գոյութիւն չունէին հարիւր տարի առաջ)։ Ռուսական «Նարոտնայա Վոլիա» շարժումին «Դէպի ժողովուրդը» նշանախօսքը արդէն տասնամեակներ առաջ յարմարցուած էր դէպի «Երկիր»՝ Արեւմտեան Հայաստան շարժումը բանաձեւելու համար։ Զայն օրուան հրամայականին պատշաճեցնելը մտաւորական բացառիկ ընդունակութիւններու չէր կարօտեր։ Ակնունի գործիչի հանգամանքով Միացեալ Նահանգներ էր, իսկ պանդուխտ հայը տակաւին քանի մը տարի առաջ արտագաղթած անդիմագիծ ու ժամանակաւոր զանգուած մը կը կազմէր, որ Ամերիկա ապաստանած էր հեռու մնացած ընտանիքին ու իր իսկ ապրուստը վաստակելու՝ աւելի բարեյաջող վաղուան օրուան սպասումով։
Ինչպէս կը յիշեցնէ Մ. Քիւրտօղլեան, Ակնունիի կուսակցութիւնը՝ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը, արցախեան շարժման ու Հայաստանի վերանկախացման օրերուն այդ նշանախօսքը վերարծարծած է «որպէսզի սփիւռքի հայութիւնը իր հնարաւոր ուժականութիւնը լարէ դէպի հոն, դէպի երկիր»։ Աւելորդ չէ աւելցնել, որ բովանդակ Սփիւռքի ամենատարբեր կառոյցներ, այս «լարում»ին չափազանցուած ու անտեղի կիրարկումով, մեղմ ասած, տարողունակ սայթաքումներ թոյլ տուին այդ օրերուն եւ յաջորդող տարիներուն՝ բանիւ ու գործով, կամայ թէ ակամայ։ Անոնց դարմանելի ու անդարմանելի  հետեւանքները մեր աչքին առջեւն են՝ այսօ՛ր իսկ։
Սակայն, յօդուածին երկայնքին որեւէ նշում չկայ, թէ «Դէպի երկիր»ի «վերածնունդ»ի օրերուն, ո՞ր հանճարեղ միտքը յղացած է «Արտերկիր» բառը անոր երկարաձգումը դարձնելու, իմաստափոխելու եւ հայ քաղաքական մտածողութեան պարտադրելու գաղափարը՝ առանց որեւէ հոգեբանի կամ շուկայագէտի խորհրդատուութեան։ Հարցումին պատասխանը յստակօրէն ու սեւով ճերմակի վրայ բանաձեւուած է հետեւեալ պարբերութեան մէջ, որ զայն ծնունդ տուած հարցազրոյցին հետ միասին, աւելի քան քսան տարի առաջ շրջանը ըրած էր Սփիւռքի մամուլի մէկ մասին.
 «Ժամանակը եկել է, որ Հայրենիք-Սփիւռք կապերի վերանայումին եւ վերարժեւորման ձեռնարկենք՝ ՄԵԿՆԵԼՈՎ ՆՈՅՆԻՆՔՆ ՍՓԻՒՌՔ ԲԱՌԻ ՓՈԽԱՐԻՆՄԱՄԲ ԱՐՏԵՐԿԻՐ ԿԱՄ ԱՐՏԱՍԱՀՄԱՆ ԲԱՌՈՎ, որպէսզի բացայայտ դառնայ, թէ խօսում ենք իր ծանրութեան կենտրոնը կամ հողը՝ երկի՛րը ունեցող մի ժողովրդի մասին, իբրեւ ազգային մէկ ու անբաժանելի ամբողջութիւն։ . . . Հայրենի կռուանից դուրս փնտռուած որեւէ ձեւի կենտրոն, ի վերջոյ, ինքնանպատակ մէկ հատուածի կը վերածի Արտերկրի հայութեանը՝ յաւերժացնելով այսպէս կոչուած Հայկական Սփիւռքը, որ ՄԻՆՉԵՒ ԻՍԿ ԻԲՐԵՒ ԲԱՌ ՈՒ ՅՂԱՑՔ ԱՅԼԵՒՍ ՊԷՏՔ Է ԴՈՒՐՍ ՀԱՆՈՒԻ ՀԱՅ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՄՏՔԻ ԲԱՌԱՐԱՆԻՑ» («Դէպի ազգային միասնականութիւն», Ռայա Խասապետեանի հարցազրոյցը Հ. Յ. Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրայր Մարուխեանի հետ, Գրական թերթ, 16 Փետրուար 1990, վերատպումը՝ Արմենիա, 2 Ապրիլ 1990, էջ 5. գլխագրումները մերն են. Վ. Մ.)։   
Այս շրջանառութիւնը բաւարար եղաւ, որպէսզի հրահանգը բառացիօրէն ընկալուէր։ «Արտերկիր» ու «Արտերկրի հայութիւն» օրն ի բուն սկսան հոլովուիլ բեմերէն ու թերթերէն, իսկ «Սփիւռք» բառը բանադրանքի ենթարկուեցաւ։ Անշուշտ, ամբողջատիրութեան մէջ չէինք ապրեր եւ հոս ու հոն ընդվզումի ողջմիտ ձայներ լսուեցան։ Օրինակ՝ Մարկ Նշանեանը 1990ին այս փոխարինումը «Օրուէլեան newspeak» կ՚որակէր «Յառաջ – Միտք եւ Արուեստ»ի մէջ տպուած գրախօսականի մը մէջ, իսկ Վահէ Օշականը 1992ին «Սփիւռքը Արտերկիր չէ, Երկի՛ր է» կը յայտարարէր «Հորիզոն – Գրական Յաւելուած»ի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը մէջ։
«Արտերկիր» բառին անգոյն ու անբովանդակ ըլլալը նոյնպէս այդ օրերուն ցոյց տրուած էր, մանաւանդ՝ անոր պարունակած թաքուն հեգնանքը։ Ըստ Էդ. Աղայեանի «Արդի հայերէնի բացատրական բառարան»ին, «արտերկիր» հազուադէպ բառ մըն է, որ կը նշանակէ  «արտասահման» (թերեւս շնորհիւ վերի հրամանագրին, վերջին քսանամեակին բառին գործածութիւնը ընդհանրացաւ հայրենի մամուլին մէջ, թէեւ... առանց մասնաւոր հայկական բովանդակութեան), իսկ «արտերկրացի» կը կոչուին թէ՛ երկրէ մը դուրս բնակիչները եւ թէ՛ այն էակները, որոնց գոյութիւնը տասնամեակներէ ի վեր կ՚որոնենք՝ Հրատէն մինչեւ ամենահեռաւոր աստղերը, եւ ցարդ գտած ենք, անվրէպ կերպով, գիտա-երեւակայական վէպերու եւ շարժանկարներու մէջ։
Փառք պէտք է տալ, ուրեմն, որ «Արտերկիր»ի ջատագով ոեւէ կիսագրագէտ մտքէն չէր անցուցած սփիւռքահայը «արտերկրացի» կամ «արտերկրահայ» վերամկրտել։ Փոխարէնը, երբ անկախութեան վաղորդայնին ծնունդ առած համահայկական մեղրալուսինը վերջ գտաւ եւ իշխանութեան ի խնդիր աթոռամարտը սկսաւ՝ հայրենասիրական շղարշի տակ, «երկրացի» պետական շրջանակները սկսան «օտարերկրացի» կոչել նաեւ տարբեր երկիրներու ծնունդ կամ քաղաքացի սփիւռքահայը (ինչպէս պիտի կոչէին օտար անցագիր ունեցող անգլիացին կամ զիմպապուէցին), որ ինքզինքը իրաւասու կը նկատէր քաղաքական գործունէութեամբ զբաղելու։ Առաջին նախագահ Լ. Տէր Պետրոսեանը առաջին գործածո՞ղն էր բառին, որ, ըստ յօդուածագրին, «ընդվզում պատճառեց, արդարօրէն«։ (Արդեօք եթէ բառին գործածութեան ուղեկցած չըլլար այդ պատճառաբանութեամբ Հ. Յ. Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչը երկրէն արտաքսելու որոշումը, «արդար ընդվզում» կ՚ըլլա՞ր)։ Էական չէ, քանի որ Հայաստանը իրաւականօրէն այլեւս ստալինեան երկիր չէր, որ հրամանագրով սա կամ նա բառին գործածութիւնը պարտադրուէր։ Իրաւական առումով «օտարերկրացի» էինք, ի վերջոյ. հապա ի՞նչ կրնար ըլլալ «Սփիւռք»ի իր ինքնութենէն մամուլի շրջաբերականով զրկուած «Արտերկիր»ի բնակիչը, որուն անունը, ինչպէս «օտար»ի պարագային, նոյն «դուրս»ի նշանակութիւնը կը պարունակէր։  
Տարիները անցան, իրավիճակը փոխուեցաւ, Ակնունիի վերակենդանացած նշանախօսքը պատմութեան թանգարանը վերադարձաւ եւ այն օրուան հասանք, երբ Մ. Քիւրտօղլեան իրաւացիօրէն կ՚առաջարկէ «արտերկիր» ու «արտերկրի հայութիւն» գաղափարները սահմանել իբրեւ «անծանօթ դրդապատճառներով ծանօթ-անծանօթ վայրերու մէջ ինկած հայեր  կամ անջիղ հայ հաւաքականութիւններ, որոնք լաւագոյն պարագային, այս կամ այն ձեւով կրնան  նախասրահներու (լոպիմէջ որոշ դերակատարութիւն ունենալ, ինչ որ ժամանակաւոր բարիք է թէեւ, բայց անհեռանկար` նոյնիսկ իրենք իրենց համար»: Ասիկա շատ հեռու է քսան տարի առաջ «վերադաս» ատեաններէ պարտադրուած սահմանումէն, բնականաբար, ինչ որ կը փաստէ անոր սնանկութիւնը։ Կարեւոր է, մեր կարծիքով, խնդրին կորսուած (ու «մոռցուած») օղակին վերականգնումը՝ նման անխորհուրդ վրիպումներու կրկնութիւնը թոյլ չտալու համար։
Յօդուածագրին նշումը, թէ «մերժելով մերժեցինք օտարերկրացի ըլլալ, բայց հիմա սիրով ընդունած ենք ըլլալարտ-երկրացի», չի դադրիր հեգնական ըլլալէ՝ թէ՛ հեղինակին բառախաղով եւ թէ՛, մանաւանդ, շրջանցուած փաստական տուեալով։ «Մենք» սիրով ընդուներ ենք ըլլալ «արտերկրացի» (= արտամոլորակային), որովհետեւ գեղեցիկ օր մը որոշեր էին մեր վիզին փաթթել Արտերկիր ըլլալու դերը, իր աւարտին իբրեւ թէ հասցնելով եօթանասուն տարիներէ ի վեր Սփիւռքը ժամանակաւոր նկատելու, անտեսելու եւ թաղելու գործողութիւնը։ Բնականաբար, փող ու թմբուկով, ողջ-ողջ թաղուած այդ «մեռելը» երեք օրուան պէտք չէր ունեցած գերեզմանաքարը գլորելու եւ իր կենդանութիւնը յայտնելու։
Քաղաքական անհեռատեսութիւնը «անգոյն ու անբովանդակ» բառեր կրնայ յօրինել, բայց անոնց կեանքը չի կրնար ըստ կամս տնօրինել։ «Բայց հիմա կը թուի, թէ  հրապուրուած ենք  “արտերկիրէն եւ շռայլօրէն կը գործածենք զայն իբրեւ հաւասարազօր  հոմանիշըսփիւռքին», գրած է յօդուածագիրը: Թերթերու սիւնակները կրնան խորագրուիլ «Արտերկիր» կամ «Երկիր-Արտերկիր», բայց իրականութիւնը չի կրնար վարագուրուիլ։
Սփիւռքը ողջ է այսօր, թերեւս աւելի քան երբեք, ու մենք՝ վերանորոգուած ճգնաժամի մէջ, «Արտերկիր»ին աչք-կապուկ ընելով կամ... տուն-տուն խաղալով։

«Նոր Յառաջ», Յունիս 2, 2011

No comments:

Post a Comment