27.6.11

Պատմաբան-բանասէր Դոկտ. Վարդան Մատթէոսեանի այցելութիւնը «Զարթօնք»ի խմբագրատուն

ՊԷՅՐՈՒԹ.- Երեքշաբթի (Յունիս 7) յետմիջօրէին, խմբագրատանս մէջ ընդունեցինք այցելութիւնը Միացեալ Նահանգներէն ժամանած պատմա-բանասէր դոկտ. Վարդան Մատթէոսեանին, ընկերակցութեամբ Հայկազեան Համալսարանի աշխատակից, բանասէր դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանի։ 

Երիտասարդ, մտացի ու կենսունակ պատմաբանը, որ առաջին անգամ ըլլալով ժամանած էր Միջին Արեւելք, Հայկազեան Համալսարանի հրաւէրով, իր գոհունակութիւնը յայտնեց լիբանանահայութեան աշխոյժ ու բազմամարզ գործունէութեան ի տես, յատկապէս կարեւորելով դերը հայ մամուլին՝ յետ-եղեռնեան գրականութեան մէջ։
Այնուհետեւ զրոյցը ընթացաւ հայ ներկայ իրականութեան մասին եւ այն հրամայականներուն, որոնք կը կազմեն այսօրուան Հայաստանին վերականգնումի ազդակները ու զանոնք ուժեղացնելու միջոցները։
Դոկտ. Մատթէոսեանի առաջին այցելութիւնն է Պէյրութ։ Ան տասնամեակէ մը աւելի եղած է հայագիտական նիւթերու ուսուցիչ եւ պատմա-բանասիրական ուումնասիրութիւններու թեկնածու։ Ցարդ իրմէ հրատարակուած գիրքերը եւ ուսումնասիրութիւնները կը ճոխացնեն մեր մատենագիտական արխիւները։ Անոնք են.
-- «Կոստան Զարեանի շուրջ» (1998, Գ. Մելիտինեցի Հրատ.)
-- «Հարաւային կողմն աշխարհի» (2005, Կիլիկիոյ Կաթող. Հրատ)
-- «Անվերջ վերադարձ» (2005, Երեւան)
-- «Գրական-բանասիրական ուսումնասիրութիւններ» (2009, Գ. Մելիտինեցի Հրատ.)
-- Իսկ վերջնագոյնը կը նկատուի «Շամախեցի պարուհին» (2007, Երեւան), զոր հրատարակած է Ա. Բախչինեանի հետ միասին եւ այժմ իր կողմէ հրատարակութեան կը պատրսստուի անգլերէն լեզուով։ 
Ամերիկահայ պատմաբանը Պէյրութ կը գտնուի երեք շաբաթեայ այցելութեամբ, որուն ընթացքին դասախօսութիւններ պիտի տայ։ Անոր կը մաղթենք հաճելի կեցութիւն եւ յաջողութիւն իր ասպարէզային թէ մասնագիտական կեանքէն ներս։
«Զարթօնք», Յունիս 9, 2011

No comments:

Post a Comment