ՊԷՅՐՈՒԹ.- Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ Գրողներու Համախմբումին, երէկ` Հինգշաբթի,
23 Յունիս 2011-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Կամար» պարբերաթերթի
խմբագրատան մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում գրականագէտ եւ պատմաբան դոկտ.
Վարդան Մատթէոսեանին հետ` ներկայութեամբ գրողներու եւ գրասէրներու:
Ձեռնարկին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց «Կամար» պարբերաթերթի խմբագիր
Ժիրայր Դանիէլեան, ապա Վարդան Մատթէոսեանին մասին խօսեցաւ տոքթ. Արմենակ
Եղիայեան: Մատթէոսեանի կենսագրութեան հակիրճ գիծերը ներկայացնելէ ետք,
Եղիայեան աւելցուց, որ Մատթէոսեանի եւ այլ գրականագէտներու
ուսումնասիրութիւններուն իբրեւ արդիւնք Կոստան Զարեան հայ գրականութեան
անդաստանին մէջ յայտնուած է իր արժանի բարձունքին վրայ: Տոքթ. Արմենակ
Եղիայեան հաստատեց, որ Մատթէոսեան գրականագէտի տուեալներով իր
ուսումնասիրութիւնները ամենայն լրջութեամբ կը կատարէ` հրապարակ բերելով
բազմաթիւ ճշմարտութիւններ:
Ապա խօսք առաւ Վարդան Մատթէոսեան, որ անդրադարձաւ արժանթինահայ
գրողներուն: Ան ներկայացուց բազմաթիւ հայագիր եւ օտարագիր գրողները,
որոնցմէ նշեց Վարդան Գէորգեանը, Ռուբէն Վարդանեանը (Ռէն), Յարութիւն Աստուրեանը,
Աշոտ Արծրունին եւ ուրիշներ: Մատթէոսեան նաեւ խօսեցաւ Արժանթինի գաղութի
դժուարութիւններուն, գրողներու խնդիրներուն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան
հետ գաղութին ունեցած յարաբերութիւններուն մասին: Այս շրջագիծին մէջ ան
շեշտեց, որ Հայաստանի իշխանութիւնները յատուկ ուշադրութեամբ կը հետեւին
արժանթինահայ գաղութի աշխատանքներուն:
Զեկուցումէն ետք Վարդան Մատթէոսեան պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն:
«Ազդակ», Յունիս 24, 2011
No comments:
Post a Comment