Showing posts with label մտաւորականութիւն. Show all posts
Showing posts with label մտաւորականութիւն. Show all posts

10.8.16

Յովիկ Չարխչեան. «Մենք էսօր կորցնում ենք մարդուն»

ՄԱՐԻՆԷ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

- Պարոն Չարխչեան, մի հարցի մասին եմ ուզում խօսենք. սովորաբար հասարակական-քաղաքական լարուած իրավիճակներում մտաւորականների մի խումբ է հանդէս գալիս` դատապարտող յայտարարութիւններով կամ բաց նամակներով: Շատերի համար հեգնանք են առաջացնում ոչ միայն այդպիսի տեքստերը, այլեւ հէնց մտաւորական ասուածը: Մեր օրերում ո՞վ է մտաւորականը:
- Մեր հասարակութեան ճնշող մեծամասնութեան մօտ տպաւորութիւն է, որ մտաւորականը մշակութային գործիչն է: Դու կարող ես շատ լաւ գրող, նկարիչ, դերասան լինել, բայց մտաւորական չլինել, նոյն կերպ կարող ես առնչութիւն չունենալ հոգեւոր ոլորտի հետ, բայց շատ լաւ մտաւորական լինել: Օրինակ` անցեալ դարասկզբին հայկական սպայակազմը համարւում էր մտաւորական սերուցք:
Մտաւորականը մի անհատ է, որն իր մէջ ամփոփում է ոգեղէն եւ քաղաքացիական կեցուածքի լաւագոյն դրսեւորումները: Մարդ, ով ոչ թէ ուղղորդիչի դեր է կատարում, ցուցումներ է տալիս, այլ սթափեցնում, արթուն է պահում: Պատահական չէ, որ մտաւորականներին ասում են ազգի խիղճ:

23.11.13

Շանթ Յարութիւնեան եւ . . . Սփիւռքի լռութիւնը

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
5  Նոյեմբերին տեղի ունեցած  եւ Երեւանը  ցնցած դէպքին  անդրադարձները արդէն   փոխադրուած են մէկ ուրիշ հարթութիւն: Ինչ որ կատարուեցաւ Երեւանի մէջ, որուն  հետեւանքով տասնեակ քաղաքացիներ արգելափակուեցան, ու ցարդ անոնց 30-ը կը գտնուի «Նուպարաշէն» բանտէն ներս, մտածելու տեղիք պէտք է տայ, որ Հայաստանի քաղաքական կեանքը յայտնուած է նոր ճանապարհի մը առջեւ: Բայց, այնուամենայնիւ,     Շանթ Յարութիւնեանի անհատական  ճիգերով առաջ մղուած այս «յեղափոխութեան փորձ»ը իր մէջ որոշ կարեւոր նախանշաններ կը կրէ: Նոյն Շանթ Յարութիւնեանը այսօր դարձած է քաղաքացիական կազմակերպութիւններու ուշադրութեան  թիւ մէկ խնդիր: Յարութիւնեան ինչ որ կատարեց,  ըրաւ  անհատական ուժերով, ու մինչեւ այս պահը իշխանութիւնները կը փորձեն անոր արարքները վերագրել խուլիկանութեան, անօրէնութեան եւ օրինազանցութեան: Անգամ այդ մեղադրանքներով՝ իշխանութիւնները, ՀՀ Սահմանդրութեան  վրայ հիմնուելով,  կրնան բանտարկութեան պատիժ սահմանել Շանթին ու անոր ընկերակիցներուն:

4.12.12

Կառավարութեան կոչը գիտնականներին. գնացէք էս երկրից

ԴԱՆԻԷԼ ԻՈԱՆՆԻՍԵԱՆ
 

Օրէր առաջ ՀՀ Կրթութեան եւ Գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեանը «ArmNews» հեռուստաընկերութեամբ հեռարձակուող «Hotel ArmComedy» երգիծական հաղորդման ընթացքում, անդրադառնալով գիտութեան ֆինանսաւորման խնդիրներին, յայտարարեց. «Աւելի լաւ է, որ դու` որպէս փայլուն ու հեռանկարային ֆիզիկոս, գնաս Չիկագօ կամ Բոստոն ու դառնաս այդպիսի ֆիզիկոս: Յետոյ իմ երկրին աւելի շատ օգուտ կարող ես տալ քո կապերով, հմտութիւններով, քո գրանտերով եւ այլն, քան մնաս էստեղ կրտսեր լաբորանտ, եթէ պետութիւնը այսօր` այս պահին, ամբողջական շղթան քո յառաջխաղացման չի կարող ապահովել»:

10.8.12

«Մտաւորական-մտաւորականութի՞ւն...»

ՊԱՐՈՅՐ ԱՂՊԱՇԵԱՆ
 
Մտաւորակա՜ն: Մտաւորականութի՜ւն։
Ո՞վ է մտաւորականը: Ի՞նչ է մտաւորականութիւնը։
Կար ժամանակ, հեռու թէ մօտիկ, երբ մտաւորականը՝ իր իսկական կոչումին մէջ էր, իսկ մտաւորականութիւնը՝ իր առաքելութեան, հոգ չէ թէ պայմանները ըլլային անձեռնտու կամ վիճակները՝ անմխիթարական։
Սակայն, ո՞վ էր գնահատողը մտաւորականը եւ ո՞վ էր մտաւորականութիւնը արժեւորողը։ Քիչեր։
Այդուհանդերձ, մտաւորականը կը մնար (մնաց) իր կոչումին կրողը, իսկ մտաւորականութիւնը՝ իր առաքելութեան։