ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
Հետաքրքրութեամբ կարդացինք Յարութ Կիւլիւզեանի անդրադարձը Պէյրութի «Բագին» հանդէսին մէջ լոյս տեսած՝ Ռուբէն Խաժակ ստորագրութեամբ բանաստեղծութեան մը («Ժամանակ», 8 Փետրուար, 2021) (*)։ Գնահատելի է, որ հեղինակը իր լուսարձակը ուղղած ըլլայ գրական հարցի մը։ Այս օրերուն, երբ ընթացիկ մամուլը գրական-մշակութային կարծիքներու արտայայտութեան սովէ կը տառապի, բացառութիւնները խիստ յարգելի են։