Ժ. Չ.
«Նոր Յառաջ»ի Դեկտեմբեր 30ի թիւը 2014ի վերջինն է, 2015ի՝ Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի շեմին։
Արդէն, երեք տարի է կը խօսուի 2015ի նախապատրաստութեան մասին։ Մօտաւոր պատկերացում մը ունինք թէ ինչ պիտի ըլլան ոգեկոչումի ձեռնարկները, պատրաստուած Հայաստանի 100րդ տարելիցի պետական յանձնախումբին կողմէ եւ յստակ են նաեւ Ֆրանսայի յանձնախումբին յայտագրին հիմնական գիծերը։ Այն ինչ անյստակ է, չըսելու համար՝ խառնաշփոթ, թէ ինչու այս երկու յանձնախումբերը իրարմէ անկապ կը գործեն եւ երբեմն ալ իրարու դէմ, ու պատրուակ կը գտնեն՝ Թուրքիան։