Showing posts with label Դէպի Երկիր. Show all posts
Showing posts with label Դէպի Երկիր. Show all posts

2.6.11

Արտերկրի անփառունակ վերադարձը դէպի Սփիւռք

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
 
«Ազդակ» օրաթերթի Մայիս 17ի [2011] թիւին մէջ լոյս տեսած է Միհրան Քիւրտօղլեանի շահեկան գրութիւնը երկու խնդրայարոյց բառերու մասին (մէկը՝ հնօրեայ «Սփիւռք»ը, միւսը՝ նորօրեայ «Արտերկիր»ը), որ իր եզրափակիչ պարբերութեան մէջ արդարացիօրէն կը հայցէ. «Արտերկիրէն հրաժարելու եւ “սփիւռքին կառչած մնալու կոչ մը թող նկատուի այս նշմարը»: