ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
«Ազդակ» օրաթերթի Մայիս 17ի [2011] թիւին մէջ լոյս տեսած է Միհրան Քիւրտօղլեանի շահեկան գրութիւնը երկու խնդրայարոյց բառերու մասին (մէկը՝ հնօրեայ «Սփիւռք»ը, միւսը՝ նորօրեայ «Արտերկիր»ը), որ իր եզրափակիչ պարբերութեան մէջ արդարացիօրէն կը հայցէ. «”Արտերկիր”էն հրաժարելու եւ “սփիւռք”ին կառչած մնալու կոչ մը թող նկատուի այս նշմարը»: