3.8.14

Օժանդակելու կոչ՝ արեւմտահայերէն wiki գրադարան մը ստեղծելու

ԶԱՊԷԼ ՎԱՍԻԼԵԱՆ

Կարեւոր ծրագիր՝ արեւմտահայերէն լեզուն Wikipedia-ի վրայ հաստատելու եւ անհատներու հիմնական դերակատարութիւնը՝ այս աշխատանքը իրականացնելու գործին մէջ
Wikimedia Armenia-ն միջազգային Wikipedia հաստատութեան հայկական բաժինն է, որ կը հսկէ համացանցի վրայ Wikipedia-ի եւ անոր յարակից նիւթերու հրատարակութեան աշխատանքներուն: Wikipedia-ն համացանցային ազատ բովանդակութեամբ հանրագիտարան մըն է, հիմնուած անկաշկանդ խմբագրութեան սկզբունքին վրայ:
Wikimedia Armenia-ի մասնաբաժինը հաստատուած է 2013ին եւ աշխուժօրէն կ՚աշխատի զարգացնելու եւ բարելաւելու արեւելահայերէն ազատ բովանդակութեամբ հանրագիտարանը, իմա՝ https://hy.wikipedia.org/wiki/: Ներկայիս հայերէն Wikipedia-ն հարուստ է աւելի քան 121.750 արեւելահայերէն յօդուածներով եւ այս թիւը օրէ օր կը մեծնայ:
2014ի ամրան Wikimedia Armenia-ն պիտի նախաձեռնէ արեւմտահայերէնը Wikipedia-ի վրայ որպէս լեզու հաստատելու աշխատանքին, նաեւ պիտի ստեղծէ արեւմտահայ աշխատակիցներու եւ խմբագիրներու «համայնք» մը: Այս ձեռնարկը պիտի կոչենք՝ wikipedia-ա հանգրուան: Մեր փափաքն է զայն իրագործել 7 ամսուան ընթացքին՝ Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակի ոգեկոչումէն առաջ:
Այս աշխատանքը մեզմէ կը պահանջէ 1200էն 1600 յօդուածներու պատրաստութիւնը 4 ամսուան ժամանակաշրջանի մը մէջ: Գիտակից ենք, որ այս գործը կարելի կ՚ըլլայ միմիա՛յն Սփիւռքի կազմակերպութիւններու եւ անհատներու օժանդակութեամբ, որոնք կը գիտակցին պահանջուած ճիգի կարեւորութեան՝ ի նպաստ արեւմտահայերէն լեզուին: Այսպէսով Wikipedia-ն հիմնական դեր պիտի խաղայ մեր մշակոյթը աշխարհասփիւռ Հայերուն հասանելի դարձնելու, որպէսզի որեւէ տեղ եւ որեւէ ժամանակ ամէն տարիքի անհատներ կարենան իրենց տեղեկութիւնը քաղել եւ հաղորդակցիլ իրենց մայրենի լեզուով:
Այսքան կարճ ժամանակի մէջ այս նպատակը իրագործելը անհրաժեշտաբար կ՚ենթադրէ անհատներու եւ կազմակերպութիւններու գործակցութիւնը, որոնք կը հասկնան այս ճիգին կարեւորութիւնը եւ կ՚օժանդակեն մեզի արագ կերպով յաղթահարելու բոլոր խոչընդոտները:
Հետեւաբար պէտք է կեանքի կոչենք արեւմտահայ խմբագիրներու հաւաքականութիւն մը՝ որոնցմէ իւրաքանչիւրը յանձն կ՚առնէ ստեղծել նախօրօք ճշդուած արեւմտահայերէնով յօդուածներու որոշ թիւ մը: Այս աշխատանքը իրագործելու համար պէտք ունինք անհատներու, որոնք ատակ են մեզ յարաբերութեան մէջ դնելու գրական արեւմտահայերէնով հաղորդակցող կարող անձերու հետ, որպէսզի մենք ալ մեր կարգին անոնցմէ խնդրենք արեւմտահայերէնը Wikipedia-ի վրայ հաստատելու աշխատանքի մասնակցութեան խմբագրական ճիգը:
Ստորեւ՝ պահանջուած աշխատանքները.-
- Wikimedia Armenia-ն կը հաստատէ վարժընթացներ, որոնք անհատները կը մարզեն Wikipedia-ի վրայ յօդուածներ զետեղելու: Մեր փորձառութիւնը մեզի կը յուշէ թէ թուայնացուած յօդուածներու գոյութեան պարագային խմբագիր մը – իւրաքանչիւրը քանի մը ժամ տեւող երկու վարժընթացներէ ետք – կրնայ միջին հաշուով ժամական 4 յօդուած զետեղել Wikipedia-ի վրայ:
- Անհրաժեշտ է որ հետաքրքրուող եւ վարժընթացին հետեւած անհատները տուեալ ժամանակաշրջանին պաշտօնապէս յանձնառու ըլլան իրենց ստեղծելիք յօդուածներու թիւին նկատմամբ: Մենք ալ մեր կարգին նշեալ անհատներուն պիտի տրամադրենք թուայնացուած հում նիւթը, ինչպէս նաեւ որեւէ այլ ձեւի օժանդակութիւն՝ որուն կարիքը կը զգացուի:
Խմբագիրներու հաւաքականութեան ստեղծման այս աշխատանքին զուգահեռ Wikimedia Armenia-ն յանձն կ՚առնէ կատարել հետեւեալ աշխատանքները.-
- Ապահովել օգտագործման իրաւական արգելքէ զուրկ (copyright) 1600 նիւթ, որպէսզի խմբագիրները կարենան պատճէնել-կպցնելով (copy-paste) ժամական 4 յօդուած զետեղել համացանցի վրայ, այսինքն ստեղծել արեւմտահայերէն wiki գրադարան մը, ազատ՝ իրաւական արգելքներէ, որ իբրեւ հիմք պիտի ծառայէ խմբագիրներուն, որպէսզի աշխատանքի ընթացքին նիւթի սպառման հարց չստեղծուի:
Օգնութեան կարիք ունինք՝ հաղորդակցութեան մէջ դրուելու գրադարաններու, կեդրոններու, տպարաններու, հրատարակչատուներու եւ այլ պատասխանատուներու հետ, որոնք արեւմտահայերէնով թուայնացուած նիւթեր ունին,որպէսզի կարենանք անոնց հետ կապ հաստատելով հարստացնել մեր wiki գրադարանը եւ զայն դնել խմբագիրներու տրամադրութեան տակ:
- Նշանակել 4 անհատներ, որոնք պիտի վերանային ստեղծուած յօդւածները եւ սրբագրեն գրաշարական կամ որակական ու այլ սխալները:
- Դիմել Wikimedia հաստատութեան, որպէսզի արեւմտահայերէնը ընդունուի իբրեւ կայքի լեզու:
- Ապահովել իրագործումը այն փոփոխութիւններուն, որոնք կրնան առաջարկուիլ հաստատութեան կողմէ եւ դիմել բոլոր այն պաշտօնական քայլերուն, որոնք ի վերջոյ պիտի հաստատեն Wikipedia-ի վրայ արեւմտահայերէնի գործածութեան իրաւունքը:
Ա.- Wikimedia Armenia-ն պիտի կատարէ Wikipedia-ի վերաբերեալ հետեւեալ պաշտօնական դիմումները.-
- Դիմել ISO-ն ստանալու համար արեւմտահայերէն լեզուի նշանագիր (code) մը: Կը մտած-
ւի՝ hye արեւելահայերէնի եւ hyw արեւմտահայերէնի համար:
- Փոխանցել այս նշանագիրը Wikimedia հաստատութեան եւ ստեղծել արեւմտահայերէնի կազմաւորման տարածք մը:
- Վարժեցնել արեւմտահայերէնի թեկնածու խմբագիրներ՝ ստեղծելու համար արեւմտահայերէն յօդուածներ. նաեւ քաջալերել փորձառու խմբագիրները:
- Անմիջապէս որ 1600 յօդուածներու քանակը իրականանայ եւ արեւմտահայերէնը ընդունուի որպէս Wikipedia-ի լեզու, սոյն յօդուածները կազմաւորման տարածքէն փոխադրել Wikipedia-ի վրայ՝ իբրեւ հանրութեան կողմէ օգտագործելի նիւթ:
- Երբ արեւմտահայերէնը Wikipedia-ի եւ Wikimedia հաստատութեան կողմէ ճանչցուի որպէս լեզու, մենք ծրագրի առաջին հանգրուանը աւարտած պիտի համարենք, որմէ ետք վերստին պիտի դիմենք հիմնական գործակիցներու, որպէսզի հաստատենք երկրորդ հանգրուանի եզրերը, որուն նպատակը պիտի ըլլայ Wikipedia-ի արեւմտահայերէնի պարունակութեան որակական եւ քանակական զարգացումը:

Skype կապ: zabel.vassilian
Հեռ. +374-98-05-30-56

«Նոր Յառաջ», Յուլիս 17, 2014

No comments:

Post a Comment