ԳԱՅԱՆԷ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ
Նախորդ տարի հիմնադրման 50ամեակը նշած «Գարուն» ամսագիրը (*), որ ժամանակին ամբողջովին սպառուող հարիւր հազարանոց տպաքանակով նշանակալի դերակատարութիւն ունէր Հայաստանի ո՛չ միայն գրական-մշակութային, այլեւ
հասարակական-քաղաքական կեանքին մէջ, այսօր կը տպուի 500 օրինակով, որոնցմէ
լաւագոյն պարագային կը սպառի 50 օրինակ:
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին, ամսագրի վերջին 12 տարիներու խմբագիր Վարուժան Այվազեանը յայտնած է, որ «Գարուն»ը կը գոյատեւէ Մշակոյթի նախարարութեան կողմէ յատկացուող տարեկան 2 միլիոն դրամով: Ատիկա կը բաւէ միայն տպագրական ծախսերը հոգալու. ամսագիրը այսօր նոյնիսկ խմբագրակազմ չունի:
«Գարուն»ի նախկին խմբագիր, Հայաստանի Գրողներու Միութեան նախագահ Լեւոն Անանեանը «Ազատութիւն» կայանին շեշտած է, որ ամսագիրը ժամանակին շատ մեծ դեր խաղացած է գրական ճաշակի ձեւաւորման եւ հասարակական համախմբման գործին մէջ։ Ան յոյս յայտնած է, որ յառաջիկայ երկու տարիներուն, հաւանաբար, կարելիութիւն պիտի ստեղծուի միջոցներ հայթայթելու եւ կազմակերպելու ամսագրին վերազարթօնքը:

«Ազատութիւն» ռատիոկայան, Յունուար 15, 2013
(*) Այս տեղեկութիւնը սխալ է. «Գարուն» ամսագիրը հիմնուած է 1967ին, ուրեմն նշած է հիմնադրութեան 55ամեակը («Հայկականք»)։
No comments:
Post a Comment