Showing posts with label Ֆրանսայի Սահմանադրական Խորհուրդ. Show all posts
Showing posts with label Ֆրանսայի Սահմանադրական Խորհուրդ. Show all posts

6.1.15

Ֆրանսայի Սահմանադրական Խորհուրդը ի սկզբանէ Թուրքիոյ խաղաքարտե՞րը կը բաժնէր


«Ցեղասպանութեանց ժխտումի պատժելիութիւնը նախատեսող բանաձեւը ի սկզբանէ դատապարտուած էր վիժումի՞», կը հարցնէ Փարիզի «Նոր Յառաջ» երկօրեայի խորագիրը Յունուար 6, 2015ի թիւով։ Ֆրանսայի Սահմանադրական Խորհուրդի անդամ Հենէլի եւ իր թուրք բարեկամին թղթակցութեան վերաբերող յոյժ կարեւոր փաստաթուղթ մը հրապարակած է «Նուվէլ տ՚Արմենի» ամսաթերթը 2015 Յունուարի իր թիւին մէջ։