6.1.15

Ֆրանսայի Սահմանադրական Խորհուրդը ի սկզբանէ Թուրքիոյ խաղաքարտե՞րը կը բաժնէր


«Ցեղասպանութեանց ժխտումի պատժելիութիւնը նախատեսող բանաձեւը ի սկզբանէ դատապարտուած էր վիժումի՞», կը հարցնէ Փարիզի «Նոր Յառաջ» երկօրեայի խորագիրը Յունուար 6, 2015ի թիւով։ Ֆրանսայի Սահմանադրական Խորհուրդի անդամ Հենէլի եւ իր թուրք բարեկամին թղթակցութեան վերաբերող յոյժ կարեւոր փաստաթուղթ մը հրապարակած է «Նուվէլ տ՚Արմենի» ամսաթերթը 2015 Յունուարի իր թիւին մէջ։ 
Ան կը վե­րաբե­րի ելեկտրո­նային թղթակ­ցութեան մը, որ տե­ղի ու­նե­ցած է 2012 Փետ­րուար 28ին, Ֆրան­սա­յի կող­մէ ճանչցուած ցե­ղաս­պա­նու­թիւննե­րու, ինչպէս նաեւ՝ Հա­յոց Ցեղասպա­նու­թեան ժխտու­մի պատ­ժե­լիու­թիւ­նը նա­խատե­սող բա­նաձե­ւին Սահմանադրական Խոր­հուրդին կող­մէ մեր­ժումին օրը: Ելեկ­տրոնա­յին փո­խանա­կու­մը տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Ֆրան­սա­յի նախ­կին ծե­րակու­տա­կան եւ Սահ­մա­նադ­րա­կան Խոր­հուրդի ան­դամ Հիւ­պէր Հե­նէլի եւ իր թուրք բա­րեկա­մին՝ Ար­տա­քին Գոր­ծոց նախ­կին նա­խարար Եաշար Եաքը­շի մի­ջեւ, որ ծա­նօթ է որ­պէս ֆրան­սա­սէր եւ թրքա­կան լո­պիի գոր­ծօն անդամ: Մինչ Ֆրան­սա­յի Սահմանադ­րա­կան Խոր­հուրդը կո­չուած է ան­կողմնա­կալ, չէ­զոք ու ար­դար ըլ­լա­լու, տե­ղի ու­նե­ցած փո­խանա­կու­մին բո­վան­դա­կու­թե­նէն կը բխի այն տպաւորու­թիւնը, որ Հե­նէլ հոն ներ­կայ է կար­ծէք որ­պէս թրքա­կան կող­մին ներկայացուցիչը, ժա­մը-ժա­մուն տեղեկութիւններ փո­խան­ցե­լով իր թուրք բա­րեկա­մին եւ թե­լադ­րե­լով ան­հոգ ըլ­լալ ինչ կը վե­րաբե­րի ել­քին: Նախ­քան ար­դիւնքին յայ­տա­րարուիլը, իմակի մը մէջ Հենէլ կը վստա­հեցնէ, թէ “գոհ պի­տի ըլ­լաք ար­դիւնքէն”, իսկ ու­րիշ իմակի մը մէջ կը գրէ. “Կը բաժ­նեմ [ար­դիւնքին] ձե­զի ապա­հոված սփո­փան­քը”, եւլն.:
Ֆրան­սա­կան «Մա­րիանն» շա­բաթա­թեր­թն ալ անդրադարձած է հայ­կա­կան ամ­սա­թեր­թին մէջ լոյս տե­սած այս յոյժ կա­րեւոր լու­րը եւ փաս­տա­թուղթին պատ­ճէնը։ Անդրադարձին անգլերէն թարգմանութիւնն ու վերոյիշեալ պատճէնը կու տանք առանձին։

No comments:

Post a Comment