«Ցեղասպանութեանց ժխտումի պատժելիութիւնը նախատեսող բանաձեւը ի սկզբանէ դատապարտուած էր վիժումի՞», կը հարցնէ Փարիզի «Նոր Յառաջ» երկօրեայի խորագիրը Յունուար 6, 2015ի թիւով։ Ֆրանսայի Սահմանադրական Խորհուրդի անդամ Հենէլի եւ իր թուրք բարեկամին թղթակցութեան վերաբերող յոյժ կարեւոր փաստաթուղթ մը հրապարակած է «Նուվէլ տ՚Արմենի» ամսաթերթը 2015 Յունուարի իր թիւին մէջ։