Համացանցի մէջ լայնօրէն կը քննարկուի հայոց նորագոյն պետականութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի արձանի ուրուանկարը, որ ընտրուած է Երեւանի աւագանիի մրցութային յանձնաժողովին կողմէ։ Նշուած նախագիծը յետոյ ներկայացուած է աւագանիին։
Երեւանի աւագանիի կրթութեան, մշակոյթի եւ ընկերային հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ ու «Ելք» խմբակցութեան անդամ Արայիկ Յարութիւնեանը
Դիմագիրքի իր էջին մէջ նշած է. «Աւագանու մշակոյթի, կրթութեան եւ սոցիալական
հարցերի մշտական յանձնաժողովը ձայների մեծամասնութեամբ կողմ արտայայտուեց
նախագծին։ Փետրուարի 13-ին որոշումը կը քուէարկուի աւագանու նիստի ժամանակ։
Մրցութային յանձնաժողովում եղել են Դաշնակցութեան յայտնի ներկայացուցիչներ։
Ահաւոր չեմ հաւանել, դէմ եմ քուեարկել։ Վայելէք»: