Համացանցի մէջ լայնօրէն կը քննարկուի հայոց նորագոյն պետականութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի արձանի ուրուանկարը, որ ընտրուած է Երեւանի աւագանիի մրցութային յանձնաժողովին կողմէ։ Նշուած նախագիծը յետոյ ներկայացուած է աւագանիին։
Երեւանի աւագանիի կրթութեան, մշակոյթի եւ ընկերային հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ ու «Ելք» խմբակցութեան անդամ Արայիկ Յարութիւնեանը
Դիմագիրքի իր էջին մէջ նշած է. «Աւագանու մշակոյթի, կրթութեան եւ սոցիալական
հարցերի մշտական յանձնաժողովը ձայների մեծամասնութեամբ կողմ արտայայտուեց
նախագծին։ Փետրուարի 13-ին որոշումը կը քուէարկուի աւագանու նիստի ժամանակ։
Մրցութային յանձնաժողովում եղել են Դաշնակցութեան յայտնի ներկայացուցիչներ։
Ահաւոր չեմ հաւանել, դէմ եմ քուեարկել։ Վայելէք»:
2 Փետրուարին Panorama.am-ը դիմած էր յանձնաժողովի անդամ, ճարտարապետ Անուշ Տէր-Մինասեանին,
որ նոյնպէս դէմ քուարկած է։ Ան ըսաւ, թէ այս ուրուագիծը նոյնիսկ քուէարկուած չէ։
«Մենք քննարկել ենք այլ էսքիզ, որը էլի շատ վատն էր: Երկուսն էլ շատ վատն
էին, գուցէ նա աւելի վատն էր, չգիտեմ, բայց յամենայնդէպս, սա չէր,
բոլորովին ուրիշ բան է սա, որ քննարկուած չի: Այս մարդը չի մասնակցել առաջին
փուլին, իսկ ընդհանրապէս ընդունուած է, որ եթե նոր մրցոյթ չի յայտարարւում, առաջին փուլի յաղթողները մասնակցում են երկրորդ փուլին, եւ իրենցից մէկն է ընտրւում, բայց այս դէպքում այդ գործը ընդհանրապէս չի
մասնակցել, երկրորդ փուլում ուղղակի ինչ-որ նոր մարդկանց են մտցրել, պարզ
չէ՝ ինչու»,- ըսաւ ան:
Տէր-Մինասեանը նշած է, որ յանձնաժողովի նիստի ժամանակ ալ արտայայտուած է,
ըսելով, թէ ատիկա խախտում մըն է, որ գործը լաւ չէ։ Ան ընտրուած է այն հիմնաւորումով, թէ նորարարական է, բայց ըստ ճարտարապետին՝ բացարձակ նորարարական չէ,
պարզապէս լաւ չէ: «Զօռով անցկացրեցին, ոչ ոք չէր ասում՝ լաւ աշխատանք է:
Միակ բանը որ ասում էին՝ նորարարական է: Այնտեղ ոչ մի բան չկար, դէմքը
քանդակած չէր, ասում էին՝ դէ ոչինչ, կ՚անի: Բայց ո՞նց էք հիմա նրա համար
քուէարկում, եթէ յետոյ պիտի անի: Նրան ժամանակ տուեցին, նախ՝ դա երկրորդ
մրցանակ էր՝ խրախուսական, առաջին մրցանակ ոչ ոք չի ստացել, նրան տրուեց
ժամանակ, ինքը լրիւ փոխեց: Դա ոչ ոք չի քննարկել, ոչ ոք չի տեսել յանձնաժողովի անդամներից, չգիտեմ՝ սա ինչ տարօրինակ պատմութիւն էր»,- ասաց
նա:
Տեր-Մինասյանը նշեց, որ ըսուած է, թէ արձանի համար քարերն ալ շատ հեռաւոր երկրէ մը պիտի բերուին Հայաստան, ինչ որ արդէն ծիծաղելի է, քանի որ ի՞նչ անհրաժեշտութիւն
կայ այդ գունաւոր քարերը Հայաստան բերելու: Ճարտարապետը նշած է, որ եթե մրցոյթին
առաջին փուլին նախասիրութիւնները բոլորովին ուրիշ քանդակի մը տրուած էին, կը քննարկէին, կը խօսէին կերպարին մասին, յանկարծ երկրորդ փուլին այս քանդակը անցուցած են, ու մեծամասնութիւնը այս ուրուանկարին թեր քուէարկած է։
«Նայում ես, սարսափում, դա ի՞նչ է»,- յայտնած է ան:
Փետրուար 5-ին մամլոյ ասուլիսի ժամանակ, Արայիկ Յարութիւնեանը յայտնած է, թէ Արամ Մանուկեանի արձանի տարբերակներու ընտրութեան թափանցիկութեան հետ կապուած որոշ խնդիրներ եղած են։
«Ինձ համար շատ տարօրինակ է, որ քաղաքապետարանն իր կողմից այս տարբերակն է
ուղարկել: Աղմուկից յետոյ, որ բարձրացաւ լրագրողների շնորհիվ, ես չհանդիպեցի
որևէ մէկին, որ դրական կը վերաբերէր արձանի այս տարբերակին: Մինչդեռ
իշխանութիւնը փորձում է իր վրայից գցել պատասխանատուութիւնը: Իմ կարծիքով,
բաւականին անյաջող տարբերակ է, այն անցել է հիմնականում ՀՀԿ-ի ձայների
շնորհիւ»,- ըսաւ ան:
Յարութիւնեանը տեղեկացուց, որ արձանին դրօշի հատուածին գունաւոր քարերը Մեծն Բրիտանիայէն բերուած են, ինչ կը յուշէ, որ արձանը բաւական ծախսալից քանդակ մը պիտի ըլլայ։ Ան նաեւ նշեց, որ Երեւանի աւագանիի ՀՀԿ-ական անդամ Լեւոն Իգիթեանը լուրջ աշխատանք տարած է, որպէսզի Դաւիթ Մինասեանի վիճայարոյց ուրուագիծը յաղթական ճանչցուի։ «Ես տեղեկութիւն ունեմ, որ Լեւոն Իգիթեանը լինելու է այս նախագծի ճարտարապետը: Ամսի 13-ին պէտք է կայանայ նախագծի քուէարկութիւնը»,- յիշեցուց բանախօսը, ընդգծելով, որ պէտք է հանրային լուրջ ճնշում բանեցնել անոր չեղարկումին համար։
Ասուլիսին ներկայ էր Նկարիչների Միջազգային Միութեան անդամ Սուրէն Խորէնեանը, որ իր հերթին նկատեց, որ արուեստի գործերը պէտք չէ քննարկուին ժողովուրդի, ոչ-մասնագէտներու կողմէ։ Անոր համոզումով, արուեստը մարդոց կը ծառայէ, սակայն, եթէ ժողովուրդի կարծիքը հաշուի առնէին, այսօր, օրինակ, Էյֆէլեան աշտարակը գոյութիւն չէր ունենար։

«Ցանկացած արձան, որի վրայ աշխատում են, անցնում է տասնեակ փուլեր: Որ մենք
Արամ Մանուկեանի արձանը վաղուց պէտք է ունենայինք, կասկածից վեր է: Լաւ է
ընտրուած նաեւ արձանի տեղակայման վայրը: Համոզուած եմ, որ ընթացքում այն
հարիւր անգամ փոփոխութիւնների է ենթարկուելու: Արուեստագէտը եւ պատուիրատուն
պէտք է աշխատեն իրար հետ»,- ըսաւ գեղանկարիչը:
Միւս կողմէ, Փետրուարի 5-ին լրագրողներու հետ հանդիպումին, գեղանկարիչ Յաղթանակ
Շահումեանը, որ արձանի ստեղծման յանձնաժողովին մաս կազմած է, նշած է, որ յանձնաժողովի առաջին նիստին քիչ ստեղծագործողներ մասնակցած էին եւ ընդհանուր
կարծիքով նոր մրցոյթ կատարելու որոշում տրուած էր։
Երկրորդ մրցույթին իր տարբերակը ներկայացուցած էր նաեւ քանդակագործ Դաւիթ
Մինասեանը: Որոշում տրուած է, որ հետագային յանձնաժողովը աշխատի
հեղինակին հետ՝ քանդակի ստեղծման ընթացքին:
Շահումյանը նշեց, որ նմանատիպ փորձ արդէն եղած է: Ան կրկնեց, թէ համացանցին մէջ ներկայացուած տարբերակը իրեն ծանօթ չէ. նոյն հեղինակէն այլ տարբերակ ներկայացուած էր յանձնաժողովին։
Շահումեանի կարծիքով, կարելի չէ պնդել, որ արձանները չափորոշիչներու համապատասխանեն, քանի որ աւելի ազատ ժամանակներ են ներկայիս, բայց պէտք է զգոյշ ըլլալ, որովհետև անոնք պէտք է ընկալելի ըլլան: Ամէն պարագայի, ըստ Շահումյանի, պէտք է արուեստագէտին հնարաւորութիւնը տալ: Ան նշեց, որ կրնայ ըլլալ, որ քանդակագործը օրինակ մը տարած է, որ ֆինանսական խնդիրները տեղէն շարժին եւ կարենայ աշխատիլ։
«Նման լուրջ քանդակը այդպէս հպանցիկ, ժամանակի ազդեցութեան մէջ պէտք է չլինի, այն պէտք է լինի ժամանակի համար: Այստեղ քանդակային լեզուի խնդիրն է, որքանո՞վ է յարմար դրօշը հագուստի վերածել ասենք»,- ըսաւ ան, աւելցնելով, որ ատոր համար յանձնախումբին մէջ մէկ հոգի չ՚ըլլար, այլ՝ 10-15։
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք նմանատիպ դէպքեր եղա՞ծ են, երբ յանձնաժողովի կարծիքը հաշուի առնուած չէ, Շահումեան յայտնեց, թէ ատիկա օրինաչափութիւն դարձած է մեր ժամանակներուն. անոր լաւագոյն օրինակը ֆութպոլիսներու քանդակն է, որ տեղադրուեցաւ, թէեւ գեղարուեստական խորհուրդի ոեւէ անդամ դրական կարծիք յայտնած չէր։ Գեղանկարիչը միտում չի տեսներ ամբողջ քաղաքին մէջ նմանատիպ արձանների տեղադրութեան մէջ, նշելոք, որ ատիկա ուղղակի անտարբերութիւն է կամ զուտ անգրագիտութիւն:

No comments:
Post a Comment