Երկար տարիներէ ի վեր, Պոլսոյ գրական կեանքին մէջ հաճելի աւանդութեան մը
վերածուած է գիրքի փառատօնը, որ իր դրոշմը կը բերէ՝ աշնան մռայլ օրերուն
ալեկոծելով հրատարակչական ընդարձակ շուկան։ Այս տարի, հայերէն գիրքերը
թրքերէն ընթերցող հասարակութեան մատուցող «Արաս» հրատարակչատունը մեծ
եռանդով պատրաստուած է փառատօնին։ Հրատարակութիւններու բաւական հարուստ
ցանկ մը կայ մեր դիմաց, որու միջոցաւ «Արաս» պիտի փորձէ ընթերցողին
ուշադրութիւնը ապահովել հայերէն գրականութեան ընդարձակ դաշտին։ Անմիջապէս
փառատօնի նախօրեակին «Արաս» կը ներկայանայ արեւմտահայերէն գրականութեան
դասական կարեւոր հեղինակներէն Զապէլ Եսայեանի հետզհետէ մոռցուած մէկ
գործով։ «Սպասման սրահին մէջ» անուն գիրքը նախապէս լոյս տեսած էր թերթօնի
ձեւով եւ ապա առանձին հատորի մէջ չէր հրատարակուած։ «Արաս»՝ «Ծաղիկ»
շաբաթաթերթի էջերէն քաղելով, անգամ մը եւս կը վերակենդանացնէ այս գործը։
Այսպէսով լոյս աշխարհ եկած կ՚ըլլայ Եսայեանի անտիպ գործերու եռեակի մը
առաջին հատորը։
Blog for informed opinions / Կայքագիր իրազեկ կարծիքներու համար / Blog para opiniones informadas
Showing posts with label Յակոբ Մնձուրի. Show all posts
Showing posts with label Յակոբ Մնձուրի. Show all posts
6.11.17
27.6.15
Եղեռնի լռութիւնը (Մնձուրին ընդմէջ օրրանի ու սփիւռքի)
ՍԵՒԱՆ ՏԵՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ
Չունինք պատասխանը «Կարելի՞ էր գրականութիւնը Պոլիսէն ետք» հարցումին։
15-ի Աղէտէն ետք եղածները փորձի մը կիսկատարութեան տպաւորութիւնը կը
թողուն․ տեւական չեն գոհացնելու աստիճան, պատասխան մը գտնելու համար։ Եղածը
աւարտուն չէ, ըլլալիքը գաղթելու էր։ Մնացածն ալ պարզ ենթադրութիւններու
առիթ կու տայ միայն՝ առանց տեսական շրջանակի մը մէջ ամփոփուիլ կարենալու։
Մնձուրի եզակի հեղինակ մըն է, որ տեսաւ երկու Պոլիսներն ալ։ Ասդիինն ու
անդիինը։ Օրրանն ու հայրենազրկեալ սփիւռքը։ Ցեղասպանութենէն ետք -կամայ կամ
ակամայ՝ չենք կրնար գիտնալ- Հայաստան մնացող անճառ մարդերուն նման,
Մնձուրի մնաց Պոլիս («Ո՞ւր պիտի երթային որ աւելի լաւ ըլլար իրենց տունէն,
Պոլիսէն»¹)։
Subscribe to:
Posts (Atom)