6.11.17

«Արաս»-էն հրատարակութեան տարափ

Երկար տարիներէ ի վեր, Պոլսոյ գրական կեանքին մէջ հաճելի աւանդութեան մը վերածուած է գիրքի փառատօնը, որ իր դրոշմը կը բերէ՝ աշնան մռայլ օրերուն ալեկոծելով հրատարակչական ընդարձակ շուկան։ Այս տարի, հայերէն գիրքերը թրքերէն ընթերցող հասարակութեան մատուցող «Արաս» հրատարակչատունը մեծ եռանդով պատրաստուած է փառատօնին։ Հրատարակութիւններու բաւական հարուստ ցանկ մը կայ մեր դիմաց, որու միջոցաւ «Արաս» պիտի փորձէ ընթերցողին ուշադրութիւնը ապահովել հայերէն գրականութեան ընդարձակ դաշտին։ Անմիջապէս փառատօնի նախօրեակին «Արաս» կը ներկայանայ արեւմտահայերէն գրականութեան դասական կարեւոր հեղինակներէն Զապէլ Եսայեանի հետզհետէ մոռցուած մէկ գործով։ «Սպասման սրահին մէջ» անուն գիրքը նախապէս լոյս տեսած էր թերթօնի ձեւով եւ ապա առանձին հատորի մէջ չէր հրատարակուած։ «Արաս»՝ «Ծաղիկ» շաբաթաթերթի էջերէն քաղելով, անգամ մը եւս կը վերակենդանացնէ այս գործը։ Այսպէսով լոյս աշխարհ եկած կ՚ըլլայ Եսայեանի անտիպ գործերու եռեակի մը առաջին հատորը։
Բացի Եսայեանի այս մոռցուած գործէն, հրատարակչատունը մամուլի յանձնած է նաեւ գիւղագրութեան մեծ հսկայի՝ Յակոբ Մնձուրիի այնքան սիրուած յուշագրութիւնը, որ կը նկարագրէ մեծ վարպետի իսթանպուլեան ապրումները։ 1897-1940 տարեթիւերը ընդգրկող այս յուշագրութեան մէջ, Մնձուրի կը նկարագրէ կայսրութեան շրջանի առօրեայ կենցաղը, վկայութիւններ փոխանցելով նախ իր ընտանիքի մարդկանց իբրեւ փռապան աշխատած Պէշիկթաշ թաղէն եւ հետզհետէ ընդլայնելով դէպի քաղաքի պատմական թաղերը՝ Օրթագիւղ եւ Հիսար։ Երիտասարդ պանդուխտը անշուշտ պիտի անդրադառնար նաեւ տուեալ ժամանակներու Բերային, Ղալաթիոյ եւ այլ նշանակալից վայրերու։
Յուշագրութեան բնոյթով մի այլ գիրք է Շէյխմուզ Տիքէնի գործը՝ «Ա՛խ ունիմ Տիյարպէքիր», որ նիւթ կ՚ունենայ Տիյարպեքիր վերադառնալու երազանքին տարուած, բայց այդ երազանքը իրականացնելու առիթ չունեցած մարդկանց զգացումները։
Անուանի պատմաբան Ռիչարտ Յովհաննէսեանի կողմէ խմբագրուած «Պատմական քաղաքները եւ հայերը» խորագրեալ շարքի երրորդ գիրքը ձօնուած է Խարբերդի։ Խարբերդի եւ շրջակայքի պատմութեան ձօնուած այս գիրքին կը յաջորդէ Տիգրան Մեսրոպ Խալիկեանի «Դաշնակցականները եւ Իթթիհատականները» անուն գիրքը։ Այս գիրքը կարեւոր է այն առումով, որ հոն կը հանդիպինք առաջին անգամ յայտնաբերուած զանազան փաստաթուղթերու։
Հրատարակչատան գրողները փառատօնի տեւողութեամբ պիտի մակագրեն նաեւ իրենց գիրքերը։

«Ակօս», 3 Նոյեմբեր 2017

No comments:

Post a Comment