Showing posts with label Հայ Դատի Յանձնախումբ. Show all posts
Showing posts with label Հայ Դատի Յանձնախումբ. Show all posts

13.8.12

Բաց նամակ «Ասպարէզ»ի խմբագիրին

«Ասպարէզ»ի յարգելի խմբագիր,
Կարդալով «Ասպարէզ»ի Յուլիս 11 համարի «Օրը Օրին» սիւնակի ձեր գրութիւնը, նախ ապշեցայ: Չկրցայ ըմբռնել, թէ ինչո՞ւ թերթին խմբագիրի ձեր հանգամանքով, աճապարանքով, լրջութեամբ պատասխանատուութիւն ստանձնած էք, տակաւին հրապարակ (շուկայ) չիջած ամերիկահայ անգլիագիր հեղինակ Քրիս Պոհճալեանի «Աւազէ դղեակի աղջիկները» խորագրուած, «սիրոյ պատմութեան վրայ հիմնուած, ոչ վաւերագրական, ոչ փաստաթղթային, (այլ պարզապէս) Ցեղասպանութեան նիւթը միայն շօշափող վէպին զանգուածային տարածումը ապահովելու» գործին մէջ, թելադրելով նաե՛ւ թերթին ընթեցողներուն՝ «Դրէք այս գիրքը ձեր սեղաններուն վրայ, կարդացէ՛ք եւ թող ձեր սիրելիները կարդան» եւ տակաւին ուրիշ բաներ: