13.8.12

Բաց նամակ «Ասպարէզ»ի խմբագիրին

«Ասպարէզ»ի յարգելի խմբագիր,
Կարդալով «Ասպարէզ»ի Յուլիս 11 համարի «Օրը Օրին» սիւնակի ձեր գրութիւնը, նախ ապշեցայ: Չկրցայ ըմբռնել, թէ ինչո՞ւ թերթին խմբագիրի ձեր հանգամանքով, աճապարանքով, լրջութեամբ պատասխանատուութիւն ստանձնած էք, տակաւին հրապարակ (շուկայ) չիջած ամերիկահայ անգլիագիր հեղինակ Քրիս Պոհճալեանի «Աւազէ դղեակի աղջիկները» խորագրուած, «սիրոյ պատմութեան վրայ հիմնուած, ոչ վաւերագրական, ոչ փաստաթղթային, (այլ պարզապէս) Ցեղասպանութեան նիւթը միայն շօշափող վէպին զանգուածային տարածումը ապահովելու» գործին մէջ, թելադրելով նաե՛ւ թերթին ընթեցողներուն՝ «Դրէք այս գիրքը ձեր սեղաններուն վրայ, կարդացէ՛ք եւ թող ձեր սիրելիները կարդան» եւ տակաւին ուրիշ բաներ:
Ապշութեանս յաջորդեց դառնութեան զգացումը, երբ յիշեցի ձեր, նաեւ «Ասպարէզ»ի նախորդ խմբագիր ընկերոջ անտարբեր վերաբերմունքը հանդէպ մեր՝ իմ եւ կնոջս՝ Քնարին, հրատարակած «Genocide Library»ի չորս հատորեակ շարքին:
Դառնութիւնս հրահրողը այն իրողութիւնն էր, որ հայերէն բնագրէն անգլերէն թարգմանուած եւ հրատարկուած մեր չորս հատորներուն՝ «Passage Through Hell. A Memoir», «The Fatal Night», «Death March» եւ «The Crime of the Ages» հեղինակները՝ Արմէն Անոյշ, Միքայէլ Շամտանճեան, Շահէն Տէրտէրեան, Սեպուհ Ակունի, Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթը հազիւ «շօշափող», բայց ամերիկեան տարածուն թերթերու եւ հրատարակչական ծանօթ տուներու կողմէ, իբրեւ վիպագիր համբաւուած հայազգի Քրիս Պոհճալեան չէին թէեւ, բայց հայոց Մեծ Եղեռնի գեհեններուն մէջ հոգեպէս խաչ բարձրանալու հեռանկարին հետ հաշտուած, գրիչը ձեռք առնելով, իրենց եւ հայ ժողովուրդին գողգոթան բարձրանալու եւ նահատակուելու, Մեծ Եղեռնը, հայոց ազգային դաւանանք վերածելուն առաքեալներն են…
Դառնութիւնս հրահրող երկրորդ պատճառը «Ասպարէզ»ի խմբագրութեան կողմէ Յակոբ եւ Քնար Մանճիկեաններու անձնապէս անտեսուած ըլլալու պարագան է:
Յակոբ եւ Քնար Մանճիկեաններս, թերթին 61 տարիներու հաւատարիմ ընթերցողներ ըլլալէ անկախ, տասնամեակներ շարունակ, անոր վարչական գործերուն անսակարկ ծառայողներ, անոր նիւթական եւ բարոյական նեղութիւնները թեթեւցնելու պատրաստ կամաւորներ ըլլալով հանդերձ, եղանք նաեւ թերթին բովանդակութիւնը հարստացնող ու ծաղկեցնող անսակարկ, անտիտղոս աշխատակիցներ…
«Մինչեւ մեծ պաստառ» վերնագրուած ինքնավստահ շունչով գրուած ձեր սիւնակը կարդալով, վերարծարծուեցաւ նաեւ դառնութիւնս Հայ Դատի մարմիններուն հանդէպ, որովհետեւ բացի Սան Ֆրանսիքոյի մասնաճիւղէն (որուն երկարամեայ եւ աշխոյժ գործավարը՝ մտերիմ ընկերս Խաժակ Սարգիսեանն է), անոնք ոչ մէկ հետաքրքրութիւն ցոյց տուին մեր «Genocide Library»ի գիրքերուն հանդէպ, հակառակ այն իրողութեան, որ մենք լոյս տեսած հատորներուն առաջին օրինակները, այլ կարեւոր հաստատութիւններու կարգին, ղրկեցինք Ամերիկայի Արեւմտեան, Արեւելեան եւ Գանատայի կեդրոնական գրասենեակներուն:
1953էն ի վեր, նախ իբրեւ գործօն, ապա պատասխանատու անդամ American Committee for the Independence of Armenia (ACIA) կազմակերպութեան, որ յետագային վերանուանուեցաւ Armenian National Committee-ի, վարած եմ բազմաթիւ համագաղութային ձեռնարկներ, ինչպիսին են՝ Հայոց Մեծ Եղեռնի յիսնամեակի, վաթսունամեակի հանդիսութիւնները, այդ եւ նման ուրիշ առիթներով քարոզչական աշխատանքներ ու յարաբերութիւններ: 1978ին հիմնած եւ կնոջս՝ Քնարին ու Սալբի Ղազարեանին հետ 15 ամիսներ վարած ենք Լոս Անճելըսի Հայ Դատի «Հայ Ազգային Ռատիօժամ» կոչուած ձայնասփիւռային կէս ժամեայ յայտագիրները:
Այսուամենայնիւ, երբ Հայ Դատի Ուաշինկթընի գրասենեակին առաջարկուեցաւ Ներկայացուցիչներու տան մէջ Ապրիլ 24ի յիշատակութեանց առիթով ձեռնարկներուն ներկայ եղող քոնկրեսականներուն մեր «Genocide Library»ի հատորները նուիրել, ջնջին պատճառաբանութիւններով մերժուեցանք:
Դառնացնող երկրորդ օրինակ մը: Քանի մը տարիներ առաջ, յայտնի հրապարակագիր Յարութ Սասունեան յօդուածով մը կը տեղեկացնէր, որ Թուրքիան իր թեկնածութիւնը դրած է ՄԱԿի Ապահովութեան Խորհուրդի անդամակցութեան եւ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ նորանկախ փոքրիկ պետութիւններու պատուիրակութիւններուն քուէները ապահովելու:
Դիմեցինք տեղւոյս Հայ Դատի Կեդրոնական Յանձնախումբի ատենապետին, յայտնելով մեր պատրաստակամութիւնը գտնելու մեր գիրքերը ՄԱԿի 15-20 պատուիրակութիւններուն նուիրող մեկենասներ, եթէ Հայ Դատը յանձն առնէ նամակով մը յիշեալ պատուիրակութիւններուն յայտնելու թուրք պետութեան ցեղասպան ըլլալու պարագան եւ իբրեւ անժխտելի վկայութիւն, մեր գիրքերը նուիրելով, թելադրել անոնց Թուրքիոյ անդամակցութեան դէմ քուէարկելու: Մեր դիմումին պատասխանուեցաւ լռութեամբ:
Նոյն վերաբերմունքին արժանացանք, երբ իմացանք, որ Թորոնթոյի (Գանատա) կրթաշրջանի վարչութիւնը որոշած է իրեն ենթակայ երկրորդական վարժարաններու 11րդ դասարանին դասաւանդել Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթը: Դիմեցինք տեղւոյն Հայ Դատի գրասենեակին, որպէսզի ստանձնէ այստեղէն նուիրուած մեր գիրքերը եւ իբրեւ Ցեղասպանութեան վաւերագրական աղբիւր ներկայացնեն կրթական խորհուրդին եւ ընդունիլ տան զանոնք, իբրեւ աշակերտութեան ընթերցանութեան նիւթ: Արդի՞ւնքը. դարձեալ… լռելեան անտեսում:
Յարգելի խմբագիր,
Գրութեանս բառերը տաժանքով մտքիս խորերէն նախ գրչիս հասան, յետոյ թուղթին փոխանցուեցան: «Մինչեւ մեծ պաստառ» ձեր գրութիւնը ստիպեց, որ ինքզինքս ենթարկեմ այս տաժանքին եւ առանց վերապահութեան, անկեղծօրէն յայտնեմ զգացումներս:
Քալիֆորնիոյ հայոց հանրային կեանքին մէջ տարիներու իմ անսակարկ եւ առանց նուազագոյն ակնկալութեան տքնանքիս մասին ըրած ակնարկներս, որոնք չգիտցողին համար կրնան նոյնիսկ ինքնագովութեան մարմաջներ թուիլ, մասնաւորապէս շեշտեցի, որպէսզի «Ասպարէզ»ի ներկայ ընթերցողներէն շատերը, որոնք տակաւին այս աշխարհ եկած չէին, երբ իմ մասնակցութեամբ վերեւ յիշուած դէպքերէն շատերրը կը պատահէին, շփոթութեան չմատնուին:
Յարմար նկատեցի գրել վերեւի աղի-լեղի տողերը, որպէսզի անկեղծ ըլլամ նախ անձիս, ապա ընկերներուս հետ, որովհետեւ մենք տակաւին միասին կատարելիք անհամար գործեր ունինք՝ մասնաւորաբար Հայոց Մեծ Եղեռնի առիթով, գործեր, որոնք մեր իւրաքանչիւրէն կը պահանջեն անկեղծութիւն, նուիրում, գործակցութիւն, հասկացողութիւն… Որոհվետեւ մենք պիտի շարունակենք թարգմանել եւ հրատարակել Հայոց Մեծ Եղեռնին վերաբերող վեց հատորներ եւս, որոնց ցանկը Քնարին հետ կազմեցինք եօթ տարիներ առաջ, նպատակ ունենալով «Genocide Library»ի շարքը վերածել տասը հատորեակ շարքի մը, որովհետեւ մեր փափաքն է «Ասպարէզ»ին հետ, յետ այսու, հասկացողութեամբ աշխատիլ եւ մեր օրինակով վարակել ուրիշները եւս, օրինակ դառնալով հայ նոր անգլիախօս սերունդին՝ խորապէս ըմբռնելու մեր ազգային ողբերգութեան հարազատ էութիւնը եւ գիտակցօրէն որոնելու համար անոր սրբագրութեան միջոցները, որովհետեւ… այսքանը հիմա կը բաւէ: Մնացեալը՝ գործով…
Անկեղծօրէն՝
ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
«Ասպարէզ», 30 Յուլիս 2012

No comments:

Post a Comment